Որոնել

Papa-Leone-XIV.jpeg

Լեւոն ԺԴ. այցելեց Քասթել Կանտոլֆոյի «Borgo Laudato si’»ն եւ Քահանայապետական ամարանոցը

Քահանայապետը հինգշաբթի 29 մայիսին այցելեց Քահանայապետական ամարանոց Քասթել Կանտոլֆոյի մէջ 2023էն ի վեր գործող «Borgo Laudato si’»ն որ Հասարակաց Տան ի նպաստ կազմաւորումի կեդրոն մըն է։ Ան այցելեց նաեւ Քահանայապետական պալատը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

Լեւոն ԺԴ. նոր անակնկալ այցով մը դուրս եկաւ Վատիկանէն եւ ուղղուեցաւ Քահանայապետական ամարանոց Հռոմի արուարձաններուն մէջ գտնուող Քասթել Կանտոլֆոյի առաքելական պալատ։

Վերոնշեալ լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Սրբազան Քահանայապետը` 29  մայիսին այցելեց ամարանոցին մէջ 2023էն ի վեր Ֆրանչիսկոս Պապին կամքով ստեղծուած ու գործող «Borgo Laudato si’»ն որ Հասարակաց Տան ի նպաստ կազմաւորումի եւ ուսուցման տարածք մըն է, ու «համապարփակ բնապահպանութեան» օրինակ, որ հիմնուած է ճիշտ տասը տարիներ առաջ հրատարակուած Ֆրանչիսկոս Պապին համանուն շրջաբերականին վրայ։ Այս առիթով Լևոն ԺԴ.-ը այցելեց նաեւ առաքելական պալատը, զոր Ֆրանչիսկոս Պապը վերածած էր թանգարանային կենտրոնի եւ որ 2016-էն ի վեր բաց է այցելուներուն։

Քասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական ամարանոց ժամանելուն Քահանայապետը դիմաւորուեցաւ Կարդինալ Պաճճոյի եւ «Borgo Laudato Sì» ծրագրի գործադիր տնօրէն Հայր Մանուել Տորանդէսի կողմէ կանգ առնելով Սուրբ Կոյս Մարիամ պարտէզին մէջ, որ պատմական օրէն շատ սիրուած վայր մըն է Քահանայապետերուն համար։

Նորին Սրբութիւնը այցելեց ապա «Belvedere» պարտէզները որտեղ կարողացաւ ծանօթանալ «Borgo Laudato Sì» ծրագրի մօտալուտ բացման համար իրականացուող վերջին նախապատրաստական ​​աշխատանքներուն։

Սրբազան Քահանայապետը այնուհետև կանգ առաւ «Criptoportico»ի մօտ, որ Դոմետիանոս կայսեր լսարաններու դահլիճի հնագիտական​​​​ մնացորդներն են, ուր Ան յիշեց Պիոս ԺԲ Պապի քաջարի գործողութիւնները, որ 1944 թուականի Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ, Քասթելլի Ռոմանի շրջանի ողբակոծութեան ընթացքին ապաստան տուած էր աւելի քան 12,000 մարդու:

Նորին Սրբութիւնը իր այս այցելութիւնը աւարտեց Քահանայապետական պալատի ու պատմական «Villa Barberini»ի այցով նախ քան Վատիկան վերադարձը։

Սրբազան Քահանայապետին այս այցելութիւնը մեծ ուրախութիւն եւ ոգեւորութիւն յառաջացուց Քասթել Կանտոլֆոյի բնակիչներուն միջեւ որոնք մեծ ուրախութեամբ ընկալեցին լուրը ու մեծ թիւով փութացին ճամբաներու եզերքները ողջունելու համար Սրբազան Պապին անցքը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2025, 08:00