Լեւոն ԺԴ. Պապը կեդրոնական, հիւսիսային եւ հարաւային Ամերիկայի համալսարաններուն. Դարձէք համալրումի կամուրջներ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց համալսարաններու տեսուչներուն, որոնք իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ կայացած «Հասարակական տան խնամքի» նուիրուած, Համալսարաններու ցանց հանդիպումին, որ կազմակերպուած է «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին 10-րդ ամեակի եւ Պրազիլի Պելեմ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք «Քոփ 30»-ի որպէս նախապատրաստութիւն, աջակցութեամբ Լատին Ամերիկայի Քահանայապետական յանձնաժողովին։
Երկխօսութեան, զատորոշումի, ընկերային եւ բնապահպանական ճգնաժամը յաղթահարելու գործողութիւններ առաջարկելու ուղղութեամբ գումարուած հանդիպումին, Երեքշաբթի, 20 մայիսին, իր յղած լսատեսողական պատգամին մէջ, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ողջունեց համալսարանի տեսուչները, քաջալերելով զանոնք աշխատելու բնապահպանական եւ ընկերային արդարութեան համար։
«Գիտեմ, որ դուք կը պատրաստուիք կատարելու սինոդական զատորոշումի աշխատանք՝ COP30-ին նախապատրաստուելու համար» կ՛ըսէ Քահանայապետը պատգամին մէջ ակնարկելով թէ անոնք «Միասին պիտի մտածեն հանրային պարտքի հնարաւոր ներումի մասին» որ «առաջարկ մըն է, որ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորած է Խաղաղութեան համաշխարհային օրուան իր պատգամին մէջ։ Եւ այս յոբելենական տարուան մէջ, յոյսի տարի մը, այս պատգամը շատ կարեւոր է» հաստատած է Լեւոն ԺԴ.։
Ան ապա քաջալերած է համալսարանի տեսուչները, որ իրենց առաքելութեան մէջ դառնան «Ամերիկայի եւ Իբերական թերակղզիի միջեւ համալրումի կամուրջ կառուցողներ՝ աշխատելով բնապահպանական, կենսոլորտային եւ ընկերային արդարութեան համար»։
«Շնորհակալութիւն ձեր ջանքերուն եւ աշխատանքին։ Կը քաջալերեմ ձեզ շարունակելու կամուրջներ կառուցել» եղան Լեւոն ԺԴ.ի լսատեսողական պատգամը աւարտող խօսքերը
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
