Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի առանձնական հանդիպումը Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին հետ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Շաբաթ` 24 Մայիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ հանդիպելէ ետք Վատիկանի եւ Հռոմի Քուրիայի վերատեսչութիւններու անձնակազմի անդամներուն հետ յատուկ ունկնդրութիւն շնորհեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։
Այս եղաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Լեւոն ԺԴ.ի հետ ունեցած առաջին պաշտօնական առանձնազրոյցը թէեւ Ան արդեն այլ հանդիպում մը ունեցած էր անոր հետ, անցեալ 14 Մայիսին, Լեւոն ԺԴ.ի Արեւելեան Եկեղեցիներու հաւատացեալներուն շնորհած յատուկ ունկնդրութեան աւարտին, երբ Հոգեւոր Տէրը նորընտիր Սրբազան Քահանայապետին նուիրեց Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր մէկ սրբապատկերը։
Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. հայրապետը ապա իր մասնակցութիւնը բերած էր անցեալ Կիրակի 18 Մայիսին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետութեան սկիզբի պատարագին, պատարագէն առաջ միւս Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն հետ միասին ընկերանալով Լեւոն ԺԴ.-ին Սուրբ Պետրոս առաքեալի դամբանին յարգանքի տուրքի ծիսակատարութեան։
Նշենք որ ` Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այսօրուայ հանդիպումի ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը հրաւիրեց Լիբանան այցելել, Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան օրրան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
