Լեւոն ԺԴ. եւ Կարդինալ Սփենկլէր Լեւոն ԺԴ. եւ Կարդինալ Սփենկլէր 

Լեւոն ԺԴ.-ի պատգամը Լատին Ամերիկայի եւ Քարիպեան կղզիներուն եպիսկոպոսներուն

Լատին Ամերիկայի և Քարիպեան աւազանի եպիսկոպոսական Խորհուրդի նախագահ Կարդինալ Ժէյմ Սփենկլերին ուղղած հեռագիրով մը Լեւոն ԺԴ. շնորհակալութիւն կը յայտնէ շրջանի եպիսկոպոսներուն «միսիոներական ոգեւորութեան ծառայութեան համար», Խորհուրդի հիմնադրութեան 70 ամեակին առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յատուկ շնորհակալութիւն Լատին Ամերիկայի և Քարիպեան աւազանի եպիսկոպոսական Խորհուրդին (Celam), «միսիոներական ոգեւորութեան ծառայութեան համար», ու այն հանգամանքին, որ ան նշան է «միաբանութեան, ինչպէս նաև է եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու կապի, համագործակցութեան և ծառայութեան մարմին». Այս է այն ինչ` որ կը յայտնէ Լեւոն ԺԴ. Կարդինալ Ժէյմ Սփենկլերին ուղղած հեռագիրի մը միջոցաւ` Փորթօ Ալեկրէյի Արքեպիսկոպոս եւ վերոնշեալ Խորհուրդի նախագահ, Խորհուրդին 40-րդ ընդհանուր ժողովին առիթով, որուն ընթացքին կը յիշատակուէր Խորհուրդի հիմնադրութեան եւ Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսներու առաջին համաժողովի 70 ամեակը։

Հեռագիրին մէջ Սրբազան Պապը կը մատնանշէ, որ Լատին Ամերիկայի եւ Քարիպեան կղզիներուն եպիսկոպոսները համախմբուած են «միաբանական հոգիով, միասին զատորոշելու համար Լատին Ամերիկայի Եկեղեցւոյ առջեւ կայացած այսօրուայ մարտահրաւէրը եւ սիրոյ և արդիւնաւէտ հաղորդակցութեան մէջ ստեղծելու հովուական ձեռնարկներ, որոնք կ՛առաջնորդեն լուծումներու` հիմնուած Սուրբ Գրութիւններու, Աւանդութեան, ու Վարդապետութեան չափանիշերուն վրայ»։ Ասկէ մեկնելով Լեւոն ԺԴ.ը ՉԵԼԱՄ-ը որակեց Մարմին ի ծառայութիւն Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերուն` «աւետարանութեան առաքելութեան ներքոյ եւ Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդին հովուական խնամակալութեան ծիրէն ներս»։

Ներկայի պատմական իրավիճակին մէջ, «որտեղ բազմաթիւ մարդիկ և կանայք կը տառապին ցամաքային և համաշխարհային մակարդակով շարունակական ճգնաժամերու պատճառաւ յառաջացած տառապանքներէն և աղքատութիւնէն», պէտք է անյապաղ «յիշենք, որ Յարութիւն առածն է, որ ներկայ է մեր մէջ, որ կը պաշտպանէ և կ՛ առաջնորդէ Եկեղեցին՝ զայն վերակենդանացնելով յոյսով, այն սիրոյն միջոցաւ, որ «թափուած է մեր սրտերուն մէջ, մեզի շնորհուած Սուրբ Հոգիի միջոցաւ»։

Լեւոն ԺԴ. ապա կը հրաւիրէ Քրիստոսէն հայցելու որ «ամրապնդէ Եկեղեցին իր առաքելութեան մէջ, որպէսզի երթայ հանդիպելու եղբայրներուն ու քոյրերուն, անոնց հռչակելու համար Յիսուսին փրկութեան պատգամը ու զանոնք մասնակից դարձնելու այն ուրախութեան` որ կը ծնի Յիսուսին հետ անձնական հանդիպումէն»։

Սրբազան Պապը ապա պատգամը կ՛ աւարտէ աղօթք խնդրելով նաեւ իրեն համար. «որպէսզի միշտ հաւատարիմ մնամ այն առաքելութեան ի սպաս տիեզերական Եկեղեցւոյ` զոր Բարի Հովիւը ուզեց ինծի յանձնել» կը գրէ Ան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/05/2025, 08:00