Լեւոն ԺԴ. Պապը անակնկալ այցելութիւն տուաւ Եպիսկոպոսներու վերատեսչութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը անակնկալ այցելութիւն տուաւ Եպիսկոպոսներու վերատեսչութեան, Սուրբ Պատարագ մատուցանելով վերատեսչութեան պալատի մատրան մէջ։ Երեքշաբթի, 20 մայիսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը այցելեց Պիոս ԺԲ հրապարակին վրայ գտնուող եպիսկոպոսներուն վերատեսչութեան գրասենեակը, որուն վերատեսուչը եղած է 2023-ի յունուար ամիսէն՝ մինչեւ Քահանայապետ ընտրուիլը։
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Պիոս ԺԲ անուան հրապարակին վրայ գտնուող եպիսկոպոսներուն վերատեսչութեան գրասենեակը հասաւ առաւօտեան ժամը 10,00ին, փոխադրուելով սեւ գոյն փոքիկ «վանով»։ Վատիկանէն ինքնաշարժով դուրս ելլելու ժամանակ քահանայապետը դիմաւորուեցաւ, Վատիկանի մի քանի մեթր հեռաւորութեան վրայ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած ամբոխի ծափահարութիւններով եւ «Կեցցէ՛ Հռոմի Պապը», խմբերգով։
Վատիկանէն դուրս այս անակնկալ այցելութիւնը, քահանայապետին երրորդ անակնկալ այցելութիւնն էր։ Ան առաջին անկակնկալ այցելութիւնը կատարեց Հռմի արուարձաններուն մէջ գտնուող Ճենածանոյի «Մայր Բարի խուհորդի» սրբավայր իսկ երկրորդ այցելութիւնը Ակոսթինաներուն վանք, ուր Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ կէսօրուան ճաշը կիսեց իր եղբայրակիցներուն հետ։
Յայտնենք, թէ Հռոմի թեմը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց որ, Լեւոն ԺԴ Պապը յառաջիկայ 12 յունիսին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ պիտի հանդիպի Հռոմի Թեմի բոլոր քահանաներուն հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
