Որոնել

Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը Centesimus Annus հիմնարկի ադնամներուն հետ Լեւոն ԺԴ. քահանայապետը Centesimus Annus հիմնարկի ադնամներուն հետ  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Խաղաղութեան կամուրջներ կառուցել ձայն տալով աղքատներուն

Լեւոն ԺԴ Քահանայապետին պատգամը «Centesimus Annus Pro Pontifice» հիմնարկի անդամներուն։ «Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը երկխօսութեան խոչընդոտ չէ, այլ կենդանի, հիմնարար եւ ուժեղ աղբիւր է ժամանակակից մարտահրաւէրները իմաստութեամբ, ողորմածութեամբ եւ յոյսով դիմակայելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 17 մայիսին, առաւօտեան, Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Centesimus Annus Pro Pontifice» հիմնարկի անդամները ու անոնց փոխանցեց պատգամ մը, կեդրոնանալով հիմնարկին այս տարուան ընդհանուր ժողովին, «Յաղթահարել բեւերացումները եւ վերակառուցել ընդհանուր կառավարումը. Բարոյական հիմքեր» նիւթին վրայ։

Պատգամին մէջ Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը հրաւիրեց խոկալու Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան կեդրոնական դերին մասին՝ որպէս երկխօսութեան, խաղաղութեան, անձերու եւ ազգերու միջեւ կամուրջներ կառուցելու գործիք, մասնաւորապէս ճգնաժամային եւ բեւեռեցման ժամանակներուն մէջ, ու կապակցութեամբ թելադրեց մի քանի կէտեր։

Ընկերային վարդապետութիւնը, որպէս երկխօսութեան եւ խաղաղութեան գործիք

Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը, կայուն գաղափարներուն ամբողջութիւն չէ, այլ հետազօտութեան, լսելու, զատորոշելու ուղի է, որ կը խթանէ մշակոյթներու, ընկերային դասերու եւ ազգերու միջեւ հանդիպումը ու կ՝օգնէ հասկնալու ինչպէս դիմակայել ընկերային մարտահրաւէրները՝ կիրառելով բարոյական եւ հոգեւոր չափանիշեր, խթանելով համընդհանուր եղբայրութիւն։

Մարդաբանական մօտեցումին կարեւորութիւնը

Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը չպնդեր բացարձակ ճշմարտութիւններ պարտադրել, այլ կ՝ուղղեցի մարդկային ըմբռնման ուղիին, յարգելով իւրաքանչիւր անհատի խիղճն ու ազատութիւնը. դա ճշմարտութեան տանող ուղի է, որ կը կառուցուի յարգանքով, լրջութեամբ եւ ճշգրտութեամբ։
«Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը, իր սեփական մարդաբանական հեռանկարով մտադիր է խթանել ընկերային հարցերու հասանելիութիւնը. Ան չփափաքիր բարձրացնել տիրապետումի դրօշը՝ ոչ ալ խնդիրներուն վերլուծութիւնը։ Այդ հարցերուն մէջ, աւելի կարեւոր է իմանալ թէ ինչպէս մօտենալ, քան շտապ պատասխան տալ, թէ ինչու այդ  պատահեցաւ կամ ինչպէս յաղթահարել»։ ըսաւ քահանայապետը։

Երկխօսութեան եւ լսելու դերը

Կեղծ լուրերով եւ բեւեռացումներով գերիշխող դարաշրջանին մէջ անհրաժեշտ է խորացնել ուսմունքը, խթանելու հանդիպումը եւ լսել՝ առաջին հերթին աղքատներուն եւ անտեսուածներուն. անոնք յաճախ անտեսանելի իրականութեան իսկական վկաներն են ու անոնց լսելը կը հարստացնէ մեր հայեացքը, ողորմութեան եւ ճշմարտութեան հեռանկարով։

Թուային յեղափոխութեան մարտահրաւէրը

Արհեստագիտութիւնը կը պարգեւէ արտասովոր հնարաւորութիւններ, բայց այդ կը պահանջէ նաեւ նորացուած քննադատական զգացում եւ զգայունութիւն՝ գաղափարական քարոզչութեան եւ մակերեսային հոսանքներուն մասին։ Կազմաւորումը, խոր ուսմունքը եւ երկխօսութիւնը հիմնարար գործիքներ են՝ զանազանելու կարողութիւնը կենդանի պահելու համար։

Ընկերային վարդապետութեան արդիականութիւն ու կարեւորութիւնը

Պատերազմներով, կլիմայական ճգնաժամերով, անհաւասարութեամբ եւ գաղթականներով նշանաւորուած աշխարհին մէջ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը կը ներկայանայ, որպէս կողմնացոյց, որ մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի արդարութիւն, զօրակցութիւն, խաղաղութիւն։ Դա ժառանգութիւն է որ պէտք է կիսուի, թարմացուի՝ ներգրաւելով բարի կամք ունեցող անձերը։

Շօշափելի գործողութիւններուն հրաւէր

Գործօն մասնակցութիւնը, զատորոշումի եւ խորացումի մէջ ներգրաւուածութիւնը գործիքներ են՝ աւելի արդար եւ մարդասիրական հասարակութեան նպաստելու համար։ Կարեւոր է լսել ժամանակներուն նշանները, երկխօսիլ բոլորին հետ, եւ ճանչնալյ գոյաբանական ծայրամասերուն արժէքը, որպէս յոյսի աղբիւր։

Լեւոն ԺԴ Քահանայապետը եզրափակեց պատգամը ընդգծելով, որ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը երկխօսութեան խոչընդոտ չէ, այլ կենդանի, հիմնարար եւ ուժեղ աղբիւր է ժամանակակից մարտահրաւէրները, իմաստութեամբ, ողորմածութեամբ եւ յոյսով դիմակայելու համար։

Քահանայապետը կոչ ըրաւ դառնալու կամուրջներ կառուցողներ, խաղաղութեան վկաներ, եւ հանդիպումի մշակոյթին խթանողներ, արձագանգելու համար եղբայրութեան եւ արդարութեան պահանջը ունեցող աշխարհի խնդրանքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2025, 11:44