Քահանայապետը վերաբացաւ Առաքելական Պալատի բնակարանը, հանելով Թափուր Աթոռի կնիքները
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Կիրակի` 11 Մայիսի կէսօրին Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի կեդրոնական պատշգամէն արտասանած Ուրախ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքի աւարտին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը բացումը կատարեց Առաքելական Պալատին դռներուն որոնք կնիքով փակուած էին Թափուր Աթոռի սկիզբը` 21 ապրիլի յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապին մահէն ետքը, ինչպէս նախատեսուած է «Universi Dominici Gregis» առաքելական սահմանադրութեան մէջ։
Բացումը կատարուեցաւ ի ներկայութեան Հռոմի Սուրբ Եկեղեցւոյ Քամերլենկօ` Կարդինալ Քեվին Ֆարրելի, Պետական Քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի, Պետքարտուղարութեան ընդհանուր գործերու տեղակալ Գերապ. Էտկար Փենիա Փառայի, Պետութիւններու ու միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրի ու Քահանայապետական Տան Հոգաբարձութեան տեղակալ Գերապ. Լէոնարտօ Սափիենցայի։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
