Որոնել

Սուրբ Աթոռի նոր կայքէջի գլխաւոր էջը Սուրբ Աթոռի նոր կայքէջի գլխաւոր էջը 

Սուրբ Աթոռի պաշտօնական կայքէջը վերանորոգուեցաւ եւ ունի նոր տեսք մը

Վերանորոգուեցաւ vatican.va կայքէջը, որ հնարաւորութիւն կ՝ընձեռէ հասանելի դառնձնելու Քահանայապետին եւ Սուրբ Աթոռի պաշտօնական փաստաթուղթերը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Աթոռի vatican.va կայքէջը ունի իր ներ տեսքը։

Նոր կայքէջը ներկայացուած է բաց կապոյտ գոյնով եւ Լեւոն ԺԴ. Պապին լուսանկարով, որ ժպիտով կ՝ողջունէ հաւատացեալները։

Սուրբ Աթոռի vatican.va կայքէջը ծնած է երեսուն տարի առաջ՝ 1995 թուականին դեկտեմբերին։

Վերանորոգուած նոր կայքէջը ծրագրուեցաւ այցելուներուն աւելի պարզ եւ մատչելի քննարկումի փորձառութիւն առաջարկելու համար ու որպէսզի անոնք կարողանան աւելի դիւրինութեամբ որոնել կաթողիկէ վարդապետութեան փաստաթուղթերը, ըլլայ Լեւոն ԺԴ-ի, ըլլայ անոր նախորդներուն։

Գլխաւոր էջի թարմացումը խմբագրական եւ զարգացման երկարատեւ աշխատանքի արդիւնք է, որ կառուցուած է տարբեր փուլերով՝ կայքին հսկայական պատմական ժառանգութիւնը թարմացած էջով ներկայացնելու նպատակով։

Որպէսզի նոր էջերը, օգտագործելի դառնան, տարբեր հմտութիւններ ունեցող խումբեր աշխատեցան եւ կը շարունակեն աշխատիլ միասին. խմագրական խումբը, որ հոգ կը տանի պաշտօնական փաստաթուղթերուն եւ կ՝երաշխաւորէ բոլոր բովանդակութեան մատչելիութիւնը, ապա  Հաղորդակցութեան վերատեչութեան թեքնիական բաժանմունքը, որ մշակած է կայքէջի կառուցուածքը, կեանքի կոչելով Փերուացի գծագրիչ Խուամ Քարլոս Իտոյի նախագիծը, որ «Հաւատքի հաղորդակցութիւն թուային աշխարհին մէջ» ծրագիրի առաջին խոմբի նախկին ուսանողներէն մին եղած է։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2025, 12:32