Լեւոն ԺԴ. Ֆրանսայի եկեղեցւոյ համար կը հայցէ նոր միսիոներական թափ մը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Պապը կը հայցէ երեք մեծ սուրբերու՝ Սուրբ Ճովաննի Էուտէս (1601-1680), Սուրբ Ճովաննի Մարիա Վաիննէյ (1786-1859) եւ Մանուկ Յիսուսի Սրբուհի Թերեզայի և1873-1897) բարեխօսութիւնը, անոնց սրբադասման հարիւրամեակի կապակցութեամբ, որ կը նշուի մայիս ամիսը, Ֆրանսայի եպիսկոպոցաց համահաւաք դասի անդամներուն ուղղած պատգամին մէջ։
Պատգամին մէջ Քահանայպետը կոչ կ՝ընէ կարեւորութիւն տալու այս տարեդարձին՝ հաշուի առնելով այն մարտահրաւէրներուն լայնութիւնը, որոնց Ֆրանսական եկեղեցին պիտի «դիմակայէ մէկ դար ետք» բայց նաեւ «սրբութեան այս երեք դէմքերու» արդիականութիւնը, որոնք «անվերապահօրէն Յիսուսը սիրեցին՝ պարզ , ուժեղ եւ իսկական ձեւով. Անոնք փորձարկեցին Յիսուսի բարութիւնն ու քնքշութիւնը ամենօրեայ մտերմութեան մէջ եւ վկայեցին Անոր մասին՝ հիացմունք պատճառող միսիոներական եռանդով»։
Օգնել Բացայայտելու Յիսուսի սէրը
Յիշելով Ֆրանչիսկոս Պապին «Dilexit Nos« ՝ Յիսուս Քրիստոսի մարդկային եւ աստուածային սիրոյ մասին նուիրուած շրջաբերականը, Լեւոն ԺԴ. Պապը նշեց «աւետարանութեան եւ առաքելութեան ամենագեղեցիկ ու պարզ ծրագիրը՝ ձեր երկրի համար «օգնել բոլորին բացայայտելու անոնց հանդէպ Յիսուսի ունեցած քնքուշ սէրը, մինչեւ իրենց կեանքը փոխելու աստիճան»։« Սուրբ Յովհաննէս Էուտէս», ընդգծեց Քահանայապետը «տարածեց Յիսուսի սուրբ Սիրտին եւ Տիրամօր Անարատ յղութեան սիրտին նուիրուած պաշտամունքը», Սրբուհի Ճովաննի Մարիա Վիաննէ եղաւ «առաքելութեան ոգեւորուած եւ նուիրուած քահանայ, մինչ Մանուկ Յիսուսի սրբուհի Թերեզան եղաւ սիրոյ գիտութեան մէջ մէջ վարդապետը, որուն մեր աշխարհը կարիքը ունի»
Կեցցէ՛ Քրիստոնէական ժառանգութիւնը
«Այս երեք սուրբերուն սրբադասման հարիւրամեակի տօնակատարութիւնը», կը կարդանք քահանայապետին պատգամին մէջ, «նախ եւ առաջ հրաւէր է Տիրոջ գոհութիւն յայտնելու Ֆրանսա երկրին կատարած հրաշալիքներուն համար, աւետարանումի եւ քրիստոնէական կեանքի տարիներուն ընթացքին»։
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը յիշեցուց, որ սուրբերը կը ծնին կենդանի քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մէջ, որոնք ունակ են «անոնց սիրտերուն մէջ վարելու Յիսուի հանդէպ սէրն ու Անոր հետեւելու փափաքը։ Այս քրիստոնէական ժառանգութիւնը, կ՝ընդգծէ քահանայապետը, տակաւին ձեզի կը պատկանի եւ խորապէս կը թափանցէ ձեր մշակոյթին մէջ ու կենդանի կը մնայ շատերուն սիրտերուն մէջ»։
Շնորհակալութիւն Ֆրանսայի քահանաներուն
Քահանայապետը կը հրաւիրէ տօնակատարելու ոչ թէ անցեալի կարօտով այլ այն յոյսով, որ «ծննդաբերեն նոր միսիոներական սլացք» խօսելու համար երիտասարդներուն հետ, «քահանայութեան գեղեցկութեան, պտղաբերութեան եւ մեծութեան մասին» ժամանակի մը մէջ ուր «դաժանօրէն» կը զգացուի Ֆրանսական թեմերուն մէջ քահանայական կոչումներուն պակասը»։ «Առիթէն կ՝օգտուիմ շնորհակալութիւն յայտնելու Ֆրանսայի բոլոր քահանաներուն անոնց քաջարի եւ յամառ նուիրուածութեան համար եւ արտայայտելու Իմ հայրական սէրը անոնց նկատմամբ»
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
