Սուրբ Աթոռի մօտ Դիւանագիտական Մարմնի աւագերէցը. Պատրաստ ենք արձագանգելու խաղաղութեան կոչին։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 16 մայիսին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամները։
Հանդիպումին սկիզբը, յանուն դիւանագիտական մարմնի, Լեւոն ԺԴ Քահանայապետին շնորհաւորական խօսք ուղղեց Կիպրոսի Դեսպան Վսեմաշուք Ժորժ Փուլիտըսը, կեդրոնանալով խաղաղութեան նիւթին վրայ ու յիշեցնելով, թէ ինչպէս Լեւոն ԺԴ Պապը խաղաղութեան կոչ ըրաւ՝ իր քահանայապետութեան առաջին օրերէն իսկ, որուն մէջ ընդգծեց հակամարտութիւնները, ընկերային անհաւասարութիւնները եւ անձնասիրութիւնները յաղթահարելու հրատապութիւնը, որոնք կը սպառնան մեծ միջազգային համակարգերուն։
Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած Դիւանագիտական Մարմնի աւագերէցը կոչ ըրաւ մէկդի թողելու վէճերը եւ արմատախիլ ընելու նուաճելու կամքը յիշեցնելով, որ Քահանայապետական դիւանագիտութիւնը նպատակ ունի հասնելու իւրաքանչիւր անհատի եւ ոչ թէ անձնական շահերուն կամ առանձնաշնորհութիւններուն։
Վսեմաշուք Ժորժ Փուլիտըսը իր խօսքին մէջ յայտարարեց, որ դիւանագիտական Մարմինը պատրաստ է արձագանգելու Քահանայապետին կոչին՝ որպէս խաղաղութեան կերտողներ՝ ոգեւորութեամբ եւ վճռականութեամբ դիմակայելու համար ժամանակակից աշխարհի մարտահրաւէրները ու անդրադարձաւ եկեղեցւոյ ՝ մարդկութեան հետ ունեցած մօտիկութեան, ընդգծելով, թէ ինչպէս Քոնքլավը ընտրեց Պապ մը, որ իր սեփական հովուական ծառայութեան փորձառութեան միջոցաւ զարգացուց զգայնութիւնը աղքատութեան, արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ, ձգտելով եկեղեցւոյ մը, որ մօտիկ է արուարձաններուն եւ տարբեր մշակոյթներուն։
Յիշելով ապա Ֆրանչիսկոս Պապը, «որուն յիշատակը կենդանի կը մնայ մեր աղօթքներուն եւ միտքին մէջ», դիւանագէտներու երիցագոյնը կեդրոնացաւ Լեւոն ԺԴ Պապին Օգոստինեան հոգեւորականութեան վրայ ինչպէս նաեւ Սուրբ Օգոստինոսի այն խօսքերուն վրայ, որոնք այսօր եւս «խաղաղութեան դռները բանալու բանալին է», յաղթահարելու համար «անտարբերութեան եւ ընդդիմութեան տրամաբանութիւնը, վերագտնելու համար կարեկցանքի հոգին, որպէս ազգերուն, կրօններուն ու մարդոց միջեւ երկխօսութեան իսկական հիմք»։
Կիպրոսի դեսպանը խօսքը աւարտեց մաղթելով խաղաղութեան ընդհանուր ուղի՝ որ կ՝ուղղուի կամուրջներ կառուցելու, տառապանքներ մեղմացնելու, կլիմայական փոփոխութիւններու դէմ պայքարելու, անհաւասարութիւնները նուազեցնելու ինչպէս նեաւ վերջիններուն, մոռցուցածներուն եւ տկարներուն օգնելու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
