Որոնել

Ալէսանտրօ Լապաքէ Ուկարթէ Ալէսանտրօ Լապաքէ Ուկարթէ 

Եկեղեցին ունի երեք նոր Աստուծոյ ծառաներ, Էքուատորէն երկու միսիոնարներ եւ Հնդիկ եպիսկոպոս մը

Սուրբերու դատի վերատեսչութեան վերատեսուչ, Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Լեւոն ԺԴ. Պապը, արտօնութիւնը տուաւ հրապարակելու Աստուծոյ երեք ծառաներուն վերաբերող հրամանագիրերը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 22 մայիսին, Վատիկանի մէջ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ընդունելով Սուրբերու դատի վերատեսչութեան, Վերատեսուչ, կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոն, արտօնութիւն տուաւ հրապարակելու Սուրբերու դատի վերատեսչութեան նոր երեք Աստուծոյ ծառաներու, խաղաղութեան նուիրուած՝ մէկ կրօնաւորուհիի եւ երկու եպիսկոպոսներուն վերաբերող հրամանագիրերը։

Երեք Աստուծոյ ծառաներուն շարքին են.

Քափուչիններուն փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան անդամ, Աստուծոյ ծառայ Ալէսանտրօ Լապաքէ Ուկարթէ։ Ան ծնած է Սպանիոյ մէջ 19 ապրիլ 1920ին եւ վախճանած է Իքուատորի մէջ 21 յուլիս 1987ին։ Հայր Ալէսանտրօ եղած Փոմարի թեմի տիտղոսաւոր Եպիսկոպոսը։

Աստուծոյ ծառայ Մաթթէօ Մաքիլ։ Գերպ Մաթթէօ ծնած է Հնդկաստան 27 մարտ 1851ին, վախճանած է միեւնոյն երկրի մէջ 26 յունուար 1914ին։ Ան եղած է Թրալլէ Թեմի տիտղոսաւոր Եպիսկոպոս ու հիմնած է «Visitazione della Beata Vergine Maria» մայրապետներուն միաբանութիւնը։

Աստուծոյ աղախին Այնէզէ Արանկօ Վէլսաքէզ։ Քոյր Այնէզէ ծնած է 6 ապրիլ 1937ին Քոլոմպիա եւ վախճանած է Էքուատորի մէջ 21 յուլիս 1987ին։ Ան անդամ էր Սուրբ Ընտանիքի Քափուչիններուն միաբանութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2025, 15:14