Որոնել

Քահանայապետին սպիտակ բացօթեայ ինքնաշարժը Քահանայապետին սպիտակ բացօթեայ ինքնաշարժը  (Caritas )

Խաղաղութեան պապական սպիտակ ինքնաշարժը. Ֆրանչիսկոս Պապի վերջին նուէրը Կազային

Քահանայապետը խնդրած է որ իր բացօթեայ սպիտակ ինքնաշարժը վերածուի Կազային մանուկներուն համար փոքրիկ շարժական բուժարանի։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապի խաղաղութեան ժառանգութիւնը կը շարունակէ փայլիլ հակամարտութիւններով յատկանշուած աշխարհի մէջ։ Նորին Սրբութեան վերջին անակնկալը այն եղաւ , որ իր սպիտակ պապական բացօթեայ ինքնաշարժը՝ որուն միջոցաւ ողջունեց միլիոնաւոր հաւատացեալներ ողջ աշխարհին մէջ վերածուի շարժական առողջապահական ինքնաշարժի՝ Կազայի մանուկներուն համար։

Սա Ֆրանչիսկոս Պապին վերջին իղձը եղաւ այն մարդոց հանդէպ, որոնց նկատմամբ մեծ մօտիկութիւն ցուցաբերեց իր Քահանայպետութեան ընթացքին, յատկապէս վերջին տարիներուն։

Ֆրանչիսկոս Պապը իր կեանքին վերջին ամիսներուն Երուսաղեմի Քարիթասի միջոցաւ փորձեց արձագանգել Կազայի մէջ մարդասիրական ճգնաժամերուն, ուր աւելի քան մէկ միլիոն մանուկներ տեղահանուած են։ Նորին Սրբութիւնը յաճախ ըսած է,  որ երեխաները թիւ չեն։ Անոնք դէմքեր են։ Անուններ, պատմութիւններ եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը սուրբ է։

Ֆրանչիսկոս Պապին այս վերջին նուէրով իր խօսքերը վերածուեցան գործողութիւններուն։ Պապական սպիտակ ինքնաշարժը, որ արդէն անուանուած է «յոյսի մեքենայ» պատրաստուած է հիւանդութիւններու ախտորոշման, հետազօտման եւ բուժումի սարքաւորումներով։

Շուէտի Քարիթասի ընդհանուր քարտուղար, Փիթէր Պրուն հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ Ֆրանչիսկոս Պապին սպիտակ ինքնաշարժի ծրագիրը խթանուած է Հաւատացեալներու նուիրատուութիւնով։

«Այս ինքնաշարժին միջոցաւ պիտի կարողանանք հասնիլ այն երեխաներուն, որոնք այսօր հասանելիութիւն չ՝ունին առողջապահական ծառայութիւններուն, վիրաւորուած եւ թերսնուած փոքրիկիններուն» նշած է Շուէտի Քարիթասի ընդհանուր քարտուղարը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/05/2025, 10:41