Հռոմը յարգանքի տուրք կը մատուցէ Լեւոն ԺԴ.-ին
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Ara Coeli» հրապարակին վրայ, որ կը գտնուի Հռոմի քաղաքապետարան «Քամփիտոլիօ»-ի տարածքին Լեւոն ԺԴ. պիտի ընդունի Հռոմի քաղաքապետ Ռոպերթօ Կուալթիերիին յարգանքի տուրքը». Լուրը հաստատեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, նշելով `որ այս նախաձեռնութիւնը պիտի կատարուի Կիրակի 25 մայիս 2025-ի ժամը 16,15 անց, նախ քան նորընտիր Քահանայապետը Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքայի մէջ գլխաւորէ Հռոմի Եկեղեցւոյ որպէս Եպիսկոպոս Թեմի պազիլիքային պաշտօնական ստանձնումի պատարագը։
Վերոնշեալ այս պատարագէն ետքը Սրբազան Պապը պիտի փոխադրուի Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, ուր պիտի աղօթէ տաճարի մէջ պահպանուած եւ երջանկայիշատակ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շատ սիրելի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին առջեւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
