Պատասխանատուներուն կը կրկնեմ կոչս. Դադրեցուցէք կրակոցը. Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին կոչը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Այս օրերուն ընթացքին մտածումս յաճախ կ՛երթայ ուքրանացի ժողովուրդին, որ թիրախ է քաղաքացիներու ու ենթակառոյցներու դէմ ծանր յարձակումներու։ Կը վստահեցնեմ իմ մօտիկութիւնս եւ աղօթքս` բոլոր զոհերուն, ի մասնաւորի մանուկներուն եւ ընտանիքներուն։ Զօրեղ կերպով կը նորոգեմ կոչս դադրեցնելու պատերազմը ու թիկունք կանգնելու խաղաղութեան ու երկխօսութեան որեւէ ձեռնարկի»։ Խօսքերն են ասոնք զոր արտասանեց Լեւոն ԺԴ. չորեքշաբթի 28 Մայիսի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին։
Ան ապա բոլորէն խնդրեց` որ միանան աղօթքով Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան համար ու բոլոր այն վայրերուն` ուր տառապանք կայ պատերազմի պատճառաւ։
«Կազայի հատուածէն միշտ աւելի խիտ կերպով երկինք կը բարձրանայ մայրերու լացը, հայրերու լացը` որոնք կը գրկէն իրենց մանուկներուն անկենդան մարմինները եւ որ շարունակական կերպով ստիպուած են տեղափոխուիլ որոնելու համար քիչ մը սնունդ ու ռմբակոծումներէն անվտանգ վայր մը» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը զօրեղ կոչ մը ուղղելով բոլոր անոնց` որոնք այս հարցին մէջ ունին պատասխանատուութիւն։
Ան արդարեւ ըսաւ. «Պատասխանատուներուն կը կրկնեմ կոչս. Դադրեցուցէք կրակոցը, թող ազատ արձակուին բոլոր պատանդները, թող ամբողջութեամբ յարգուի մարդկային իրաւունքը» ապա կոչը աւարտեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամին` Խաղաղութեան Թագուհիին բարեխօսութիւնը ըսելով. «Մարիամ` խաղաղութեան թագուհի` աղօթէ մեզի համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
