Սուրբ Օգոստինոսը, Անոր կանոնը ու Օգոստինեան Միաբանութիւնը եւ Լեւոն ԺԳ Քահանայապետը
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Սուրբ Օգոստինոսի միաբանութիւնը՝ յայտնի նաեւ որպէս Օգոստինեան Միաբանութիւն (լատիներէն՝ «Ordo Sancti Augustini - O.S.A.»), Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մուրացկան կրօնական միաբանութիւններէն մին է։ Անոր հոգեւորականութիւնը հիմնուած է արեւմտեան քրիստոնէութեան մեծագոյն հայրերէն մէկու՝ Սուրբ Օգոստինոսի կանոնին վրայ։ Լեւոն ԺԴ քահանայապետը 11 տարիներ եղած է այդ միաբանութեան մեծաւոր։
Միաբանութեան հիմքերը դրուեցան 1244 թուականին, երբ Իննոչենցիօ Դ Պապը միաւորեց թոսքանացի ճգնաւորներու տարբեր համայնքները ընդհանուր մէկ կանոնի ներքոյ։ 12 տարիներ ետք՝ 1256 թուականին, այդ խումբերը վերակազմաւորեցուեցան մէկ կրօնական միաբանութեան մէջ Ալեքսանդր Դ Քահանայապետի կողմէ՝ «Licet ecclesiae catholicae» կոնդակով, որ պաշտօնապէս ազդարարեց «Սուրբ Օգոստինոսի ճգնաւորներու միաբանութեան» ծնունդը՝ նպատակ ունենալով միաւորել ճգնաւորական կեանքը առաքելական կեանքին հետ։
Դարերու ընթացքին Միաբանութիւնը ընդլայնեց իր առաքելութիւնը համայն Եւրոպայի եւ աշխարհի մէջ ՝ նուիրուելով կրթութեան, քարոզչութեան, առաքելութեան եւ հովուական ծառայութեան։ Ան հիմնադրած է բազմաթիւ վանքեր, դպրոցներ եւ համալսարաններ, անոնց շարքին՝ Սալամանքայի եւ Վիւրցպուրկի համալսարանները։
Սուրբ Օգոստինոսի կանոնը
Օգոստինոս մեծ նուիրումով ծառայած է Եկեղեցւոյ եւ մեծ մտահոգութիւն ցուցաբերած Եկեղեցւոյ միասնութեան նկատմամբ։ Անոր անունը կրող Միաբանութիւնը կ’առաջարկէ համայնքային կեանք՝ հիմնուած աստուածային սիրոյ, միութեան եւ բարիքներու փոխանակման մէջ։ Սուրբ Օգոստինոսի այս կանոնի հիման վրայ Միաբանութեան անդամները կը պարտաւորուին․
· ապրիլ հասարակական կեանք ՝ հետեւելով Գործք Առաքելոցի մէջ նկարագրուած առաջին քրիստոնէական համայնքի օրինակին,
· փնտռել միասին Աստուած՝ աղօթքի, ուսման եւ խոկումի միջոցաւ,
· ծառայել Եկեղեցւոյ եւ միւսներուն, յատկապէս առաքելութեան եւ քարոզչութեան միջոցաւ։
Սուրբ Օգոստինոսի կեանքը
Օգոստինոս Աւրելիոս ծնած է Ափրիկէի Տագաստէ քաղաքը՝ նախկին Նումիտիան, այժմ Ալճերիա, 354 թուականին։
Մայրը՝ Մոնիքա, համոզուած քրիստոնեայ մըն էր, օժտուած ուժեղ կամքով եւ փոքր տարիքէն իր զաւկին հոգիին մէջ սերմանած էր քրիստոնէական հաւատքի ճշմարտութիւնը։ Սակայն, երկա՜ր ժամանակ պիտի համբերէր, մինչեւ Աստուծոյ շնորհքը մուտք գործէր եւ գրաւէր անոր հոգին։
Աշխարհահռչակ ճարտասան Կիկերոնի գրուածքները Օգոստինոսի վրայ կը թողուն մեծ տպաւորութիւն եւ կը հրահրեն զինք իմաստութեան եւ ճշմարտութեան որոնումին՝ բանալով փիլիսոփայութեան հետ առաջին ասպարէզը։
Օգոստինոս կը ցանկայ փիլիսոփայի կեանք մը եւ 384-ին կը մեկնի Միլան, Հռոմէական Կայսրութեան մշակոյթի մայրաքաղաքը, աշխատելու համար կայսերական ապարանքի դպրոցին մէջ իբր ուսուցիչ եւ առաջին հռետոր։
Ծանօթանալով Անտոն Անապատականի կեանքին եւ խորանալով Աստուածաշունչի ընթերցումին մէջ, Օգոստինոսին հաւատքը հետզհետէ կʼ արթննայ եւ 32 տարեկանին կը հրաժարի Միլանի իր ուսուցչական պաշտօնէն, եւ ամբողջութեամբ կը նուիրուի Աստուծոյ։
388 թուականին Թակասթէի մէջ քանի մը բարեկամներով կը հիմնէ կրօնաւորական հասարակութիւն մը։ Օգոստինոսի սրբակենցաղ վարքի լուրը կը տարածուի շուտով, 391 թուականին Ան կ’ընդունի քահանայական ձեռնադրութիւնը։ Իսկ 395 թուականին՝ եպիսկոպոսական օծումը։
Օգոստինոս հիմնած է շարք մը կրօնաւորական հասարակութիւններ, իսկ Անոր հաստատած կանոններուն հիման վրայ դարերու ընթացքին հիմնուած են տարբեր կրօնաւորական միաբանութիւններ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
