Հռոմ քաղաքի յարգանքի տուրքը Լեւոն ԺԴ. Պապին։ Ձեզի համար և ձեզի հետ ես հռոմէացի եմ. Լեւոն ԺԴ.

«Երիտասարդներու կրթութիւնը և տառապողներուն օգնութիւնը, վերջիններուն նուիրուիլը և արուեստի մշակումը, մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ այն հոգատարութեան արտայայտութիւններն են, որոնց պէտք է միշտ աջակցինք» ըսաւ ի միջի այլոց Սրբազան Պապը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Հռոմի Քաղաքապետարանին մաղթելով` որ Հռոմը` որ անզուգական է իր պատմական և գեղարուեստական ​​ժառանգութեան հարստութեամբ, մշտապէս առանձնանայ մարդկութեան և քաղաքակրթութեան այն արժէքներով, որոնք իրենց կենսական աւիշը կը ստանան Աւետարանէն»։
Ունկնդրէ այս եւ Քահանայապետին հայող այլ լուրեր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի` 25 Մայիս 2025-ի կէսօրէն ետքը ժամը չորսին Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանէն մեկնեցաւ ուղղուելով Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքա այնտեղ նախատեսուած իր Հռոմի Եպիսկոպոսի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ իշխանութեան  ստանձնումի պատարագը մատուցելու։

Ճանապարհին վրայ Սրբազան Պապը հանգրուան կատարեց Հռոմի Քաղաքապետարան` Քամփիտոլիոյի հրապարակին աստիճաններու ոտքին, ուր արժանացաւ Հռոմի Քաղաքապետին ու անոր միջոցաւ Հռոմ Քաղաքի յարգանքի տուրքին։

Վատիկանէն դէպի Քաղաքապետարան ապա Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքա տանող ճանապարհներու եզերքին հռովմէացի, իտալացի եւ օտարազգի բազմաթիւ հաւատացեալներ ողջունեցին Քահանայապետին անցքը։

Հռոմի մեծարանքը Լեւոն ԺԴ-ին
Հռոմի մեծարանքը Լեւոն ԺԴ-ին   (ANSA)

Քաղաքապետին ողջոյնի խօսքը

Այս առիթով տեղի ունեցած պարզ ու հակիրճ արարողութեան ընթացքին Հռոմի Քաղաքապետ Տիար Ռոպերթօ Կուալթիերին իր ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը արտայայտեց Հռոմի նոր Եպիսկոպոսին ընդգծելով կապը որ կայ ընդմէջ Եկեղեցւոյ եւ Հռոմ Քաղաքին, որ «խորհրդանիշ է` մշակոյթի, արժէքներուն ու տիեզերական պատասխանատուութեան մը ու նախ եւ առաջ խաղաղութեան» ըսաւ Ան։

Քաղաքապետ Կուալթիերին ակնարկեց նաեւ Յոյսին նուիրուած Յոբելենական տարուան կարեւորութեան ու այս ուղղութեամբ Հռոմ քաղաքի յանձնառութեան` դառնալու աւելի արդար, կայուն եւ ներարող քաղաք մը։ Ան խօսեցաւ այն դիմագրաւելիք մարտահրաւէրներու մասին` որոնք կը հային բնապահպանութեան ու արուեստագիտութեան փոփոխութիւններուն, մարտահրաւէրներ` զոր պէտք է դիմագրաւել Եկեղեցւոյ ու պատկան իշխանութիւններու աջակցութեամբ։

Հռոմը ինքզինք կ՛առաջարկէ, որպէս մարդուն եւ բնութեան միջեւ ներդաշնակութեան օրինակ, պատրաստ քալելու Եկեղեցւոյ հետ միասին, թիկունք կանգնելով ընկերային եւ ժողովուրդներու ու Պետութիւններու միջեւ յարաբերութեան նոր համակարգի մը, նշեց ի միջի այլոց Քաղաքապետը որ ապա հաւաստիացուց Հռոմի Քաղաքապետարանի կամքը համագործակցելու ու միասին քալելու, Հռոմի նոր Եպիսկոպոսին մաղթելով առաքելութեան սկիզբի բարի մաղթանքները։

Քաղաքապետի այս խօսքերուն արձագանգեցին Լեւոն ԺԴ. շնորհակալութեան խօսքերը, ուղղուած ոչ միայն Քաղաքապետին այլ քաղաքական ու քաղաքացիական ինչպէս նաեւ զինուորական իշխանութիւններուն։

Հռոմի մեծարանքը Լեւոն ԺԴ-ին
Հռոմի մեծարանքը Լեւոն ԺԴ-ին   (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. շնորհակալական խօսքը

«Որպէս այս թեմի հովիւ՝ պաշտօնապէս սկսելով իմ առաքելութիւնս, կը զգամ անոր բոլոր անդամներուն ծառայելու լուրջ, բայց կրքոտ պատասխանատուութիւնը, առաջին հերթին ի սիրտ ունենալով Աստուծոյ ժողովրդին հաւատքը, ուստի և հասարակութեան հասարակաց բարիքը» ըսաւ Սրբազան Պապը նկատել տալով որ «այս վերջին նպատակի համար մենք բոլորս համագործակիցներ ենք, իւրաքանչիւրս իր պաշտօնական ոլորտին մէջ»։

«Ընտրութիւնէս անմիջապէս յետոյ ես Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած եղբայրներուն ու քոյրերուն ըսի, որ ես անոնց հետ քրիստոնեայ եմ, իսկ անոնց համար՝ եպիսկոպոս։ Այսօր յատուկ կերպով կարող եմ ըսել, որ ձեզի համար և ձեզի հետ ես հռոմէացի եմ» ըսաւ ապա Լեւոն ԺԴ. ակնարկելով Եկեղեցւոյ Քրիստոսի Աւետարանը հռչակելու առաքելութեան։

«Երիտասարդներու կրթութիւնը և տառապողներուն օգնութիւնը, վերջիններուն նուիրուիլը և արուեստի մշակումը, մարդկային արժանապատուութեան նկատմամբ այն հոգատարութեան արտայայտութիւններն են, որոնց պէտք է միշտ աջակցինք, յատկապէս փոքրիկներու, խոցելիներու և աղքատներու նկատմամբ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եւ ակնարկելով Յոբելենական տարուան, շնորհակալութիւն յայտնեց Հռոմի Քաղաքապետարանի այդ առնչութեամբ մատուցած համագործակցութեան մաղթելով` որ «Հռոմ քաղաքը որ անզուգական է իր պատմական և գեղարուեստական​​ժառանգութեան հարստութեամբ, մշտապէս առանձնանայ մարդկութեան և քաղաքակրթութեան այն արժէքներով, որոնք իրենց կենսական աւիշը կը ստանան Աւետարանէն»։

«Այս զգացումներով Առաքելական Օրհնութիւնս կը շնորհեմ այս Քաղաքին ու անոր բոլոր բնակիչներուն» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. իր օրհնութիւնը շնորհելով բոլորին ապա հրաժեշտ առաւ Հռոմի Քաղաքապետարանէն ուղղուելով Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքա։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/05/2025, 16:14