Քահանայապետական անուանում
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը «Աղքատներու Ֆրանչիսկեաններու քոյրեր» միաբանութեան նախկին մեծաւորուհի` Քոյր Թիցիանա Մերլեթթին նշանակեց «Կրօնաւորական կեանքի հաստատութիւններու եւ Առաքելական Կեանքի ընկերութիւններու» վերատեսչութեան քարտուղար։
Քոյր Մերլեթթի ծնած է Իտալիոյ Թերամօ մարզի Փինեթօ քաղաք՝ 30 սեպտեմբեր, 1959ին։ 1986 թուականին կատարած է «Աղքատներու ֆրանչիսկեաններու քոյրեր» միաբանութեան իր առաջին ուխտը։
1984ին, Թերամօ քաղաքի համալսարանին մէջ աւարտած է իրաւագիտութեան մասնագիտութիւնը եւ 1992ին, Հռոմի քահանայապետական Լատերանեան համալսարանին մէջ ստացած է եկեղեցական իրաւագիտութեան տոքթորի աստիճան։
2004;էն մինչեւ 2013 թուական եղած իր կրօնական հաստատութեան ընդհանուր մեծաւորուհին։ Ներկայիս կը դասաւանդէ Հռոմի «Անթոնիանում» քահանայապետական համալսարանի եկեղեցական իրաւագիտութեան բաժանմունքին մէջ եւ կը համագործակցի, որպէս իրաւագէտ, Ընդհանուր մեծաւորուհիներու միջազգային միութեան հետ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
