Որոնել

PERSONAGGIO DEL GIORNO. MAKRICKAS, RETTORE S.MARIA MAGGIORE

Ֆրանչիսկոս Պապի կեանքն ու առաքելութիւնը շատ պտուղներ բերած են Եկեղեցւոյ․ Կարդինալ Մաքրիքաս

Ֆրանչիսկոս Պապի մահուընէ մէկ ամիս անց, Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի օգնական աւագերէցը նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը հանգուցեալ Քահանայապետին ի յիշատակ․ «Հազարաւոր մարդիկ, որոնք կը շարունակեն այցելել եւ պահ մը կանգ առնել Անոր գերեզմանի առջեւ, «միացած են Անոր եւ Անոր միջոցաւ՝ Քրիստոսին»՝ ինչպէս ճիւղերը որթատունկին»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Տասներկու տարի շարունակ Ֆրանչիսկոս Պապի «նշանակալի ժեսթերու», «Անոր իմաստուն խօսքերու եւ փայլուն ժպիտի միջոցաւ ողջ Եկեղեցին, կրցած է զգալ Աստուծոյ մօտիկութիւնը, քնքշութիւնն ու ողորմածութիւնը»։ Մէկ ամիս շարունակ «մարդկանց անվերջ հոսքը» Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա՝ աղօթելու համար Անոր շիրիմին մօտ, այդ «ժեսթերու, խօսքերուն եւ ժպիտին համար» է, բայց ամենէ առաջ այն հանգամանքին համար` որ Անոր կեանքը միշտ միացած եղած է «Յիսուսի կեանքին, ինչպէս ճիւղը՝ որթատունկին»։

Խօսքերն են ասոնք Կարդինալ Ռոլանտաս Մաքրիքասին` Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարի օգնական աւագերէցին, որ 21 Մայիսին՝ Ֆրանչիսկոս Պապի մահուընէ մէկ ամիս անց, նախագահեց Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը հանգուցեալ Քահանայապետին ի յիշատակ։

Գեղեցիկ է, ընդգծեց Ծիրանաւորը, որ՝ «որպէս քահանայ, որպէս Յիսուսեան հոգեւորական, որպէս Եպիսկոպոս եւ որպէս Քահանայապետ, ի սպաս Աստուծոյ ժողովուրդին» երկար կեանք ապրելէ ետք, Անոր հոգին այսօր «Հօր տան մէջ է, իսկ մարմինը՝ Տիրամօր տան մէջ»։

Կարդինալ Մաքրիքասը իր քարոզի ընթացքին վերընթերցեց Սուրբ Ծիսակատարութեան ժամանակ առաջարկած աւետարանական դրուագը, ուր Յիսուս որթի եւ ճիւղի պատկերը կ’օգտագործէ աշակերտներուն՝ Իր հետ յարաբերութիւններու մասին խօսելու համար։

Կեանք, որ շատ պտուղ կու տայ Եկեղեցւոյ

Ըստ Կարդինալի, 21 Ապրիլին Հոգին աւանդած Ֆրանչիսկոս Պապի կեանքն ու առաքելութիւնը «շատ պտուղներ բերած են Եկեղեցւոյ» եւ կը շարունակեն բերել, քանի որ Ան «Քրիստոսի հետ անբաժանելիօրէն մէկ դարձած է՝ ուրախութեան եւ վշտի մէջ՝ ինչպէս ճիւղը որթի հետ»։ Եւ հազարաւոր մարդիկ, որոնք կը շարունակեն այցելել եւ պահ մը կանգ առնել Անոր գերեզմանի առջեւ, «միացած են Անոր եւ Անոր միջոցաւ՝ Քրիստոսին»՝ ինչպէս ճիւղերը որթատունկին»։

Ամէն օր հայցել Մարիամի պաշտպանութիւնը

Մարիա Մաճճորէ տաճարի օգնական աւագերէցը նշեց ապա, որ այսօր «Salus Populi Romani» Աստուածամօրմէն կը խնդրենք, ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապը, որու առջեւ ծունկի եկած է 126 անգամ, «օգնել մեզմէ իւրաքանչիւրիս միաւնալու մեր Տիրոջ հետ», քանզի, ինչպէս Յիսուս կ’ըսէ աշակերտներուն․ «Ինչպէս ճիւղը չի կրնար ինքնիրմէ պտուղ բերել, եթէ որթին վրայ հաստատուած չըլլայ, նոյնպէս ալ դուք չէք կրնար՝ եթէ իմ վրաս հաստատուած չըլլաք»։

Աղօթք Ֆրանչիսկոսի եւ Լեւոն ԺԴ․ համար

Կարդինալ Մաքրիքաս ի վերջոյ յորդորեց աղօթել «Ֆրանչիսկոս Պապի՝ եւ նոր Քահանայապետ՝ Լեւոն ԺԴ․ Պապի համար, որպէսզի Ան կարողանայ շարունակել իր ծառայութիւնը Պետրոսի Եկեղեցւոյ մէջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2025, 08:00