16 յունիսին Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի ընդունի Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին անդամները
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յղում կատարելով Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընդհանուր Քարտուղարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան կը հաղորդենք, որ յառաջիկայ 17 յունիսին Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի ընդունի Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի անդամները, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ։
«Մենք շնորհակալ ենք Նորին Սրբութեան այս բարեացակամութեան եւ ուշադրութեան համար Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին նկատմամբ, որ կ՝ապրի Պետրոսի յաջորդին հետ իւրայատուկ եւ սիրալիր ներդաշնակութեան մէջ», ընդգծած է Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար, Գերպ Ճուզէփփէ Պաթուրի իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ աւելցնելով, որ Հանդիպումին աւարտին տեղի պիտի ունենայ «արտահերթ 80-րդ ընդհանուր ժողով՝ որոշ կանոնադրական պարտաւորութիւններու համար» ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
