2025.05.27 Udienza SSC Napoli

Յաղթանակը կը նուաճուի խմբային աշխատանքի միջոցաւ․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Նափոլիի ոտնագունդի մարզական խումբի մարզիչներուն եւ խաղացողներուն որոնք մի քանի օրեր առաջ շահեցան Իտալիոյ ոտնագունդի մրցումի ախոյանութիւնը։ Անոնց ուղղած իր պատգամին մէջ Պապը յիշեցուց մարզական ոլորտէն ներս կրթական կողմի կարեւորութիւնը․«Երբ մարզաձեւը կը դառնայ առեւտուր, կը վտանգէ անոր կրթական արժէքները», ըսաւ Ան եւ հրաւիրեց ծնողները ու ղեկավարները ուշադրութիւն դարձնել մարզական փորձի բարոյագիտական որակին՝ պաշտպանելու համար երիտասարդներու մարդկային աճը։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Գուցէ ծափահարել չի ցանկացաք, քանի որ ըստ մամուլի ես «Ռոմայի» երկրպագու եմ... [ծիծաղ], բայց ողջոյն ձեզ։ Այդ մէկը մամուլը կը գրէ ... Բայց ինչ, որ կը կարդաք մամուլի մէջ միշտ չէ, որ ճիշտ է»․ այս ինքնաբուխ խօսքերով Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց Նափոլիի ոտնագունդի մարզական խումբի մարզիչներուն եւ խաղացողներուն՝ 27 Մայիս 2025ին Քլեմենթինա դահլիճէն ներս շնորհած ունկնդրութեան ժամանակ։

«Մեծ տօնակատարութիւն Նափոլի քաղաքի համար», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորելով անոնց Ոտնագունդի առաջնութեան տիտղոսին նուաճումը։ Այդ յաջողութեան ամէնէ կարեւոր կողմը Պապը նկատեց այն հանգամանքը, որ մրցաշրջանին յաղթողը խումբն է՝ «թիմը», «եւ երբ կ’ըսեմ «թիմ», նկատի կ’առնեմ խաղցողները, մարզիչը, մարզական ակումբը», որ կը գերազանցէ անհատական որակները եւ տուեալ պահի առաւելութիւնները, յարեց Ան ։

Յաջողութեան կարեւորութիւնը ընկերային տեսանկիւնէ

Լեւոն ԺԴ.ը ընդգծեց ապա անոնց յաջողութեան կարեւորութիւնը նաեւ ընկերային տեսանկիւնէ, քանի որ, նշեց Ան, յաջողութիւնը ձեռք կը բերուի խմբային աշխատանքի շնորհիւ եւ ոտնագնդակի մարզաձեւը՝ ըլլալով ամենատարծուածներէն մին Իտալիոյ եւ աշխարհի մէջ, անոր ընկերային արժէքը կը գերազանցէ զուտ մասնագիտական-մարզական գործօնը, որ լայն իմաստով կը նշանակէ խումբի համատեղ աշխատանքէն ներս անհատներու տաղանդները ի սպաս դնել յանուն ընդհանուրի։

Մարզաձեւի կրթական գործօնը

Սրբազան Հայրը դիմելով ի վերջոյ ծնողներուն եւ մարզական ղեկավարներուն՝ յորդորեց ուշադիր ըլլալ մարզական աշխարհէն ներս կրթական կողմին եւ «զգօն ըլլալ» յատկապէս «դեռահասներու հետ գործ ունենալու ատեն», քանզի՝ «երբ մարզաձեւը կը դառնայ առեւտուր, կը վտանգէ անոր կրթական արժէքները»։

«Պէտք ենք մեծ ուշադրութիւն դարձնել մրցակցային մակարդակի վրայ մարզական փորձի բարոյագիտական որակին, քանի որ խօսքը երիտասարդներու մարդկային աճի մասին է», պնդեց Քահանայապետը եւ կրկին անգամ շնորհաւորեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար իր օրհնութիւնը բաշխելով ունկնդրութեան մասնակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներու վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2025, 12:00