Լեւոն ԺԴ. հեռաձայնած է 99 ամեայ Կարդինալ Քարլիչին
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Անցեալ 10 Մայիսին Արժանթինի Փարանա Թեմի երբեմնի Արքեպիսկոպոս 99 տարեկան Կարդինալ Estanislao Esteban Karlic սրտի կաթուածի բերումով ենթարկուեցաւ վիրահատութեան ու երէկ` 20 մայիսին Ան դուրս եկաւ հիւանդանոցէն ու ճիշտ այս առիթով է որ Լեւոն ԺԴ. Պապը ուզած է հեռաձայնել Անոր, մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում ու շնորհակալութիւն յայտնելու անոր Եկեղեցւոյ ի սպաս մատուցած ծառայութիւններուն համար։
Կարդինալ Քարլիչը մեծապէս ազդուած մնաց Քահանայապետի այս արարքին համար, որուն հետ ան ունի հինամեայ բարեկամութիւն, տրուած ըլլալով` որ 2005 թուականին ինք եւս որոշած է անդամակցիլ Օգոստինեան միաբանութեան, որուն այդ ժամանակուայ մեծաւորը նոյնինքն Հայր Փրեվոսթն էր, այսօրուայ Լեւոն ԺԴ. Պապը։
Կարդինալ Քարլիչը կարդինալական աստիճանը ստացած է 2007-ին ձեռմաբ երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ.-ի։ Ան իր 99-րդ տարեդարձը տօնախմբեց անցեալ 7 փետրուարին, Aldea María Luisa-ի «Nostra Signora del Paraná» Վանքին մէջ, Պենետիկտեան մայրապետներու խնամքին տակ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
