Որոնել

2025.05.29 ttaglio della chiesa di St Lambert a Münster.

Քրիստոնեաներու միասնութիւնը կենսական դեր ունի պատերազմներէն տանջուած աշխարհի մը մէջ․ Լեւոն ԺԴ․

Սրբազան Քահանայապետը Ցիւրիխի մէջ Անապաթիսթներու Շարժումին (Movimento degli Anabbattisti) հիմնադրման 500 ամեակին առոթով ուղղած անգլերէն լեզուով իր պատգամի մէջ կ’ընդգծէ յիշողութիւնը մաքրելու կարեւորութիւնը «անցեալի վէրքերը բուժելու» եւ «սիրոյ քաջութեան միջոցաւ նոր ապագայ կերտելու համար»: Միայն այս կերպով, կը պնդէ Պապը, «աստուածաբանական եւ հովուական երկխօսութիւնը կարող է տեւական պտուղներ տալ»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Սիրել, ապրիլ միասնութեան մէջ, ծառայել։ Այսպէս կարելի է ընդհանրացնել Լեւոն ԺԴ․ Սրբազան Քահանայապետին՝ Անապաթիսթներու Շարժումի անդամներուն երեկ՝ 29 Մայիսին ուղղած պատգամը, Շարժումի հիմնադրման «Սիրոյ քաջութիւն» նշանաբանով 500 ամեակին առիթով։

Նշենք թէ՝ Անապաթիսթներու Շարժումը՝ «Movimento degli Anabbattisti», որոնց անդամները կ’անուանուին նաեւ՝ «վերամկրտիչներ», գերմաներէն «Wiedertäufer», ստեղծուած է Զուիցերիոյ Ցիւրիխ քաղաքին մէջ 1525 թուականին, երբ Ուլրիխ Ցուինկլիի խումբ մը աշակերտներ կատարեցին չափահասներու առաջին մկրտութիւնը։ Յիրաւի Շարժումը կ’առանձնանայ հաւատքի իր տեսլականով, ուր կը կարեւորուի կամաւորութիւնը եւ չափահաս հաւատացեալներու մկրտութիւնը կրօնական համայնք մուտք գործելու համար:

Յիսուսի բոլոր հետեւորդները կարող են ընկղմուիլ հաւատքի նորութեան մէջ

Իր գրաւոր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը Յարութիւն առած Յիսուսին խօսքերն օգտագործեց, երբ Ան խաղաղութիւն պարգեւեց իր աշակերտներուն՝ առանց թաքցնելու իր փառաւոր Մարմնին վրայ տակաւին երեւացող Չարչարանքի նշանները, եւ ընդգծեց, որ․ «Յիսուսի բոլոր հետեւորդները կարող են ընկղմուիլ հաւատքի եւ քրիստոնէական կեանքի արմատական ​​նորութեան մէջ եւ նորոգման այս ցանկութիւնը բնորոշ է Անապաթիսթական ​​Շարժումին»։

Մաքրել յիշողութիւնը՝ վէրքերը բուժելու եւ պտուղներ բերելու համար

Ասկէ մեկնելով, Լեւոն ԺԴ․ կոչ ուղղեց բոլոր կաթողիկէներուն եւ մենոնիթներուն, որ Անապաթիսթներու ամենամեծ թիւով հասարակութիւնն է՝ «գործադրելու բոլոր ջանքերը՝ ապրելու համար սիրոյ պատուիրանը, քրիստոնէական միասնութեան կոչը եւ ուրիշներուն ի սպաս ծառայութիւնը»:

Նաեւ ազնւութեան եւ բարութեան որակներն են անհրաժեշտ «վէրքեր եւ ցաւօտ պատմութիւններ» ունեցող մեր ընդհանուր պատմութեանն անդրադառնալու համար, «որոնք կ’ազդեն կաթողիկէներու եւ մենոնիթներու յարաբերութիւններու եւ ընկալումներու վրայ մինչ օրս», յարեց ապա Սրբազան Հայրը։

Ըստ Անոր, հետեւաբար, կարեւոր է «յիշողութեան մաքրումը եւ պատմութեան այդ ընդհանուր վերընթերցումը, ինչը թոյլ կու տայ բուժելու անցեալի վէրքերը եւ կառուցելու նոր ապագայ՝ սիրելու քաջութեան միջոցաւ»։ Միայն այս կերպով, կը պնդէ Պապը, «աստուածաբանական եւ հովուական երկխօսութիւնը կարող է տեւական պտուղներ տալ»։

Որքան միասնութիւնը աճի, այնքան աւելի արդիւնաւէտ է Քրիստոսի վկայութիւնը

Գիտակցելով, որ այդ մէկը, անշուշտ, դիւրին գործ չէ, Նորին Սրբութիւթնը կը յիշեցնէ Յիսուսի կեանքէն որոշ դրուագներ, երբ Ան ամենէ շատ փորձութեան ենթարկուած է՝ բացայայտելով, թէ որքան վճռական եղած են եւ վճռական են սիրոյ պատուիրանները:

«Իմ ամբողջ յոյսը բացառապէս քո մեծ ողորմութեան վրայ է, շնորհէ ինծի ինչ որ կը հրամայես եւ հրամայէ ինչ որ կը կամենաս» (Խոստովանութիւններ, Ժ, 29-40), սուրբ Օգոստինոսի այս խօսքերը մէջբերելով Լեւոն ԺԴ․ կրկին վերադարձաւ միասնութեան նիւթին․ «եղբայրութեան բուժման եւ խորացման մեր շարունակական ճամբորդութիւնը հիմնարար է պատերազմներէն տանջուած մեր աշխարհի շրջագիծէն ներս. Որքան աւելի շատ քրիստոնեաները միաւորուած ըլլան, այնքան արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ մեր վկայութիւնը Խաղաղութեան Իշխան Քրիստոսի մասին՝ սիրելեալ հանդիպման քաղաքակրթութիւն կառուցելու համար»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2025, 08:00