Որոնել

Լեւոն ԺԴ. եզրափակումը կատարեց Սուրբ Կոյս Մարիամին նուիրուած Մայիս ամսուայ ջերմեռանդութեան

«Նայինք ուրեմն մեր ալ գոյութեան, որպէս Յիսուսի հետքերուն վրայ ուղեւորութիւն մը` զոր պէտք է կտրենք, այնպէս ինչպէս ըրինք, այս գիշեր, Մարիամին հետ» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. հրաւիրելով նաեւ Տիրոջմէ հայցելու շնորհքը` որ գիտնանք զԻնք փառաբանել ամէն օր, «կեանքով, լեզուով, սրտով ու շրթունքներով, ձայնով ու և վարքագծով» (Սուրբ Օգոստինոս, Խօսք 256, 1)։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 31 Մայիս 2025-ի երեկոյեան, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրին առջեւ, եզրափակումը կատարեց Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ նուիրուած Մայիս ամսուայ ջերմեռանդութեան եւ այս առիթով տեղի ունեցած Սուրբ Վարդարանի աղօթքի աւարտին Ան իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն ուրախութիւն արտայայտեց «Մայիս ամսուայ աւարտին միանալու ներկաներուն, այդ աղօթքի հսկումին առիթով» այս մէկը նկատելով հաւատքի պարզ ու ջերմեռանդական արարք մը` «որով կը հաւաքուինք Մարիամի մայրական վերարկուին» տակ, ըսաւ Ան ակնարկելով յատուկէն այս տարի նշուող կարեւոր Յոբելեանին ու անոր կարեւոր կէտերուն ինչպէս փառաբանութիւնը, ուղեւորութիւնը, յոյսը ու ամէնէ առաջ միասնական արտայայտուած ու խորհրդածուած հաւատքը։

Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց ապա Սուրբ Վարդարանի աղօթքի Ուրախութեան Խորհուրդներուն, որոնց միջոցաւ, ըսաւ Ան, դուք որպէս ուխտաւորներ մուտք գործեցիք Յիսուսի կեանքի տարբեր վայրերուն մէջ, ինչպէս Նազարէթի տունը, խոկալով Աւետումի մասին, Զաքարիայի տունը խոկալով այցելութեան մասին..., Բեթղեհէմի քարայրին մէջ` խոկալով Սուրբ Ծննդեան մասին, Երուսաղէմի տաճարին մէջ` խոկալով Յիսուսի ընծայման մասին։

Ողջոյն քեզ Մարիամին` որ կրկնուեցաւ հաւատքով ձեզի ընկերացան Հրեշտակին խօսքերը ուղղուած Աստուծոյ Մօր, «Ուրախացիր լի շնորհքով` Տէրը քեզի հետ է, (Ղուկ. 1,28), ապա Եղիսաբեթին խօսքերը` որ ուրախութեամբ կ՛ընկալէ Մարիամը. «Օրհնեալ ըլլաս դուն կիներուն մէջ եւ օրհնեալ ըլլայ քու որովայնիդ պտուղը» (Ղուկ. 1,42)։

Այսպիսով, ձեր քայլերը առաջնորդուեցան Աստուծոյ Խօսքով, որ իր «զարկերով» նշեց ձեր ընթացքը, հանգրուաններն ու մեկնարկը, ինչպէս եղաւ Իսրայէլի ժողովրդին համար անապատին մէջ՝ դէպի Ավետյաց երկիր տանող իրենց ճանապարհորդութեան ժամանակ։

«Նայինք ուրեմն մեր ալ գոյութեան, որպէս Յիսուսի հետքերուն վրայ ուղեւորութիւն մը` զոր պէտք է կտրենք, այնպէս ինչպէս ըրինք, այս գիշեր, Մարիամին հետ» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. հրաւիրելով նաեւ Տիրոջմէ հայցելու շնորհքը` որ գիտնանք զԻնք փառաբանել ամէն օր, «կեանքով, լեզուով, սրտով ու շրթունքներով, ձայնով ու և վարքով» (Սուրբ Օգոստինոս, Խօսք 256, 1)։

Սրբազան Պապը առ աղդ ողջունեց Կարդինալները, եպիսկոպոսները, քահանաները, կրօնաւոր - կրօնաւորուհիները ու բոլոր հաւատացեալները յատուկէն ողջունելով «Մաթեր Էքլեզիէ» մենաստանի Պենետիկթեան Մայրապետները` «որոնք իրենց թաքուն ու հետեւողական աղօթքով թիկունք կը կանգնին մեր հասարակութեան ու մեր աշխատանքին» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. մաղթելով` որ այս ապրուած պահի ուրախութիւնը մնայ եւ աճի բոլորին մէջ, ապա հայցեց Տիրոջ օրհնութիւնները ու Սուրբ Կոյս Մարիամին բարեխօսութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/05/2025, 21:12