Լեւոն ԺԴ. 25 մայիսին կը ստանձնէ Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի իշխանութիւնը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Քահանայապետական ծիսական արարողութիւններուն արարողապետ Գերապ. Տիէկօ Ռավալլի յայտարարեց յառաջիկայ շաբաթներուն Պապին գլխաւորելիք արարողութիւններուն օրակարգը։
Կիրակի 18 մայիսին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի գլխաւորէ Քահանայապետութեան սկիզբի Սուրբ Պատարագ։
Երեքշաբթի, 20 մայիսին, յետմիջօրէին, ժամը 5ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը պիտի այցելէ Պարիսպներէն դուրս Սուրբ Պօղոսի Քահանայապետական տաճարին մէջ գտնուող Սուրբ Պօղոսի դամբարանը։
Կիրակի 25 մայիսին, յետմիջօրէին ժամը 5-ին, Լեւոն ԺԴ. Պապը, որպէս Հռոմի Եպիսկոպոս պիտի ստանձնէ Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքայի իշխանութիւնը գլխաւորելով Սուրբ Պատարագը ապա յետմիջօրէի ժամը 7ին, պիտի փոխադրուի Մարիա Մաճճորէ տաճար աղօթելու համար Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ։
Շաբաթ, 31 մայիսին, երբ եկեղեցին կը նշէ Մարիամին այցելութիւնը իր զարմուհիի Եղիսաբեթին, Լեւոն ԺԴ. Պապը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ պիտի գլխաւորէ Սուրբ պատարագը, որուն ընթացքին պիտի ձեռնադրէ մի քանի քահանաներ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
