Որոնել

2022.06.30 2014.11.29 Preghiera Ecumenica Chiesa Patriarcale di San Giorgio, Papa Francesco e Patriarca Ecumenico Bartolomeo I

«Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականը եւ յանուն Արարչագործութեան համամիութենական մտահոգութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապի պատմական փաստաթուղթէն տասը տարիներ անց շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան նիւթը կը կիսեն եւ կ’ուսումնասիրեն քրիստոնէական տարբեր դաւանանքները՝ անհրաժեշտ նկատելով առարկայական գործողութիւնները եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով Ամազոնին՝ որպէս այս ընդհանրական արտակարգ իրավիճակի խորհրդանիշ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Մոլորակը պաշտպանելու «նոյն մտահոգութեամբ միաւորուած». Ֆրանչիսկոս Պապի «Laudato si' – Գովեալ ըլլաս»  շրջաբերական նամակի ներածութեան երեք պարբերութիւնները (7, 8 եւ 9)  նուիրուած են այս նիւթին՝ յիշեցնելու համար բոլոր քրիստոնէական համայնքներէն եւ կրօններէն ներս ընդհանուր Տան խնամքի մասին ձեւաւորուած խորհրդածութիւններու մասին՝ կանգ առնելով  ի մասնաւորի «սիրելի» Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոսի շրջակայ միջավայրի պահպանութեան մասին հոգ տանելու մշտական յորդորներու վրայ՝ գիտակցելու համար, որ «բնութեան դէմ յանցագործութիւնը յանցագործութիւն է մեր դէմ եւ մեղք Աստուծոյ դէմ» եւ ճանչնալու  այդ մեղքերը , ու, ըստ այդմ, ձեռնարկելու մեզ շրջապատող աշխարհը յարգելուն ուղղուած լուծումներ եւ ապրելակերպ։

Շրջաբերական թուղթի նիւթերը ուղղափառ աստուածաբանութեան լոյսի ներքոյ

Անցեալ 3 Մայիսին Քազերթայի մէջ տեղի ունեցած «lectio magistralis»ի մէջ, որ նուիրուած էր «Գովեալ ըլլաս»ի տասնամեակին, Կ․Պոլսոյ Տիեզերական Պատրարք Բարթողոմէոսը յետադարձ հայեացք ձգեց Ֆրանչիսկոսի հետ իր եղբայրական յարաբերութիւններուն վրայ, ուսումնասիրեց շրջաբերական նամակի նիւթերը ուղղափառ աստուածաբանութեան լոյսի ներքոյ եւ կրկնեց, թէ ինչպէս բնապահպանական խնդիրը իրականութեան մէջ կը ներկայացնէ ընդհանուր մտահոգութիւն:


1 Սեպտեմբեր 1989ը՝ բեկումնային ամսաթիւ

1 Սեպտեմբեր 1989 թուականը շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան նուիրուած համամիութենական քննարկումներու համար բեկումնային դարձած է։ Այդ օրը Բարթողոմէոսի նախորդի` Տիեզերական Պատրիարք Դեմետրիոսի կողմէ, բնապահպանական խնդիրներուն առնչուող շրջաբերական նամակով ողջ քրիստոնեայ աշխարհին առաջարկուեցաւ ամէնամեայ աղօթքի եւ խորհրդածութիւններու օր հաստատել՝ «շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուծոյ Արարչագործութեան համար մեծ պարգեւի եւ աղերսելու շրջակայ միջավայրի պահպանութիւն եւ փրկութիւն»:

Այդ ժամանակուընէ 1 Սեպտեմբերը (Ուղղափառ Եկեղեցին այդ օրը կը նշէ ծիսական տարուայ սկիզբը) դարձած է հաստատուն ամսաթիւ քրիստոնէական եկեղեցիներու օրացոյցի մէջ։

Համատեղ պատգամ 2021 թուականին

2007 թուականին Եւրոպական երրորդ Համամիութենական Վեհաժողովը Սիպիուի մէջ, որոշեց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիին ի յիշատակ հինգ շաբաթ՝ Սեպտեմբեր 1էն մինչեւ Հոկտեմբեր 4ը, նշել «Արարչագործութեան համար ժամանակ» տօնախմբութիւնը։ Եկեղեցիներու Համամիութենական Խորհուրդի (World Council of Churches) աջակցութիւնը վճռորոշ եղած է այս առումով, որ ոգեշնչած է եւ կը շարունակէ խթանել աշխարհի տարբեր մասերում մէջ  տարբեր նախաձեռնութիւններ:

2015 թուականի 6 Օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Պապի նամակը փակեց շրջանակը, որով 1 Սեպտեմբերը հաստատուեց Արարչութեան խնամքի համար աղօթքի համաշխարհային Օր: 2021 թուականին այդ պատգամը համատեղ ստորագրուեցաւ Ֆրանչիսկոսի, Բարթողոմէոսի եւ Անկլիքան եկեղեցւոյ Առաջնորդ` Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպիի կողմէ։

Գովեալ ըլլաս»ը ոգեշնչումի աղբիւր Անկլիքան եկեղեցւոյ համար

Բողոքական աշխարհի հովուական մտահոգութիւններու գագաթնակէտը նոյնպէս Երկիր մոլորակի պաշտպանութիւնն է:

1998 թուականին «Lambeth Palace»ի մէջ ստեղծուեցաւ «Անկլիքան Հաղորդութեան Բնապահպանական Ցանցը - Anglican Communion Environmental Network (Acen)»: Հիմնական նպատակն է խրախուսել անկլիքաններուն ձեռնարկել կայուն բնապահպանական գործելակերպեր եւ նախաձեռնութիւններ։ «Հաղորդութեան անտառը» անոր ծրագիրներէն մին է, որուն կարգախօսն է «տնկել կը նշանակէ յուսալ, պաշտպանել կը նշանակէ սիրել» կարգախօսով։

ACEN-ի համար «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերական նամակը ոգեշնչումի աղբիւր է, որտեղ Ֆրանչիսկոս Պապը, կը խօսի հարցի հրատապութեան մասին, եւ «ինչպէս շատ անկլիքաններ, յղում կը կատարէ աղքատութեան եւ բնապահպանական աւերածութիւններու միջեւ կապին եւ հարստութեան անարդար բաշխումը կը նկատուի որպէս սովի, անհանգստութեան, սննդի եւ հիւանդութիւններու տարածման պատճառ», կը կարդանք յայտարութեան մը մէջ:

Ամազոնը կեանքի աղբիւր

Շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան ծիրէն ներս առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանացած է համաշխարհային բնապահպանական ճգնաժամի խորհրդանիշ համարուող Ամազոնը։ 2019ի Հոկտեմբերին hանգուցեալ Քահանայապետը նուիրած էր Եպիսկոպոսներու յատուկ Սինոդը։

Տարիներ առաջ, 2006ի Յուլիսին Բարթողոմէոս Պատրիարքը հրաւիրած էր գիտաժողովը Մանաուսի մէջ՝ ի պաշտպանութիւն «Կանաչ ովկիանոս» Ամազոնի՝ ճանչնալով բնիկ ժողովուրդներու դերը որպէս պահապաններ:

Մինչ 2007ի Մայիսին Լատին Ամերիկիոյ եւ Քարիպեան կղզիներու մէջ եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի գումարած 5րդ ընդհանուր ժողովի եզրափակիչ՝ Ափարեսիտա փաստաթուղթի մէջ այն ժամանակ Կարդինալ Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն աւելցուց նոր պարբերութիւն՝  «Ամերիկեան մայրցամաքի մէջ բարձրացնելու իրազեկությունը ողջ մարդկութեան համար Ամազոնի կարեւորութեան մասին», համատեղ հովուական խնամքի  ձեւաչափ ստեղծելու նպատակով՝ այդպիսով նախանշելով Գովեալ ըլլաս»ի նիւթերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/05/2025, 08:00