Որոնել

Լեւոն ԺԴ. Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի աշխատաւորներուն. Եղէք յիշողութեան պահապան ու միութեան կառուցողներ

«Հռոմի Քուրիայի մէջ աշխատիլը կը նշանակէ սատարել կենդանի պահելու Առաքելական Աթոռին յիշողութիւնը...այնպէս որ Քահանայապետին ծառայութիւնը իրագործուի ամենալաւ ձեւերով», յարեց ապա Սրբազան Պապը այս նոյն գաղափարը ընդլայնելով նաեւ Վատիկան Քաղաք - Պետութեան ծառայութիւններուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ձեզի կը կրկնեմ այն ինչ որ ըսի իմ առաջին ողջոյնիս մէջ, 8 մայիսի երեկոյեան. Պէտք է միասին խորհինք ինչպէս ըլլալ միսիոներական Եկեղեցի մը, Եկեղեցի մը, որ կը կառուցէ կամուրջներ, երկխօսութիւն, միշտ բաց հիւրընկալութեան …. բազուկները բաց բոլորին, բոլոր անոնց` որոնք կարիքը ունին մեր բարեսիրութեան, մեր ներկայութեան, երկխօսութեան եւ սիրոյն». Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետի այս խօսքերը անգամ մը եւս հնչեցին Վատիկանի մէջ, առաջին անգամ 8 մայիսի երեկոյեան, իր ընտրութեան օրը, եւ այս անգամ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ` շաբաթ 24 Մայիսի առաւօտեան ժամը տասին, երբ Ան պաշտօնական հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Քուրիայի, Վատիկանի Կառավարութեան ու Հռոմի Թեմի «աշխատանքային» հասարակութեան հետ։

 Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի աշխատանքային ընտանիքին հետ
Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի աշխատանքային ընտանիքին հետ   (@Vatican Media)

Արդարեւ առաւօտ կանուխէն Պօղոս Զ. անուան դահլիճ ժամանած էին Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի տարբեր Վերատեսչութիւններու մէջ գործող պատասխանատուներն ու աշխատաւորները իրենց ընտանեկան պարագաներու հետ միասին, իրենց անդրանիկ պաշտօնական հանդիպումը ունենալու համար, անցեալ 8 Մայիսին, սիրելի հանգուցեալ Ֆրանչիսկոս Պապէն ետք Քահանայապետ ընտրուած ու Վատիկանի եւ Սուրբ Աթոռի Գլուխը հանդիսացող Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետին հետ։

Հազիւ Պօղոս Զ սրահ մուտք գործելը Սրբազան Պապը ընկալուեցաւ խանդավառ ու երկար ծափողջոյններով զոր ինք ստիպուած եղաւ ընդհատել տալ ըսելով. «Եթէ այսպէս շարունակէք ծափահարութիւնները աւելի երկար պիտի ըլլան քան պատրաստուած ճառը, եւ ես ստիպուած պիտի ըլլամ ճառը երկարելու ծափահարութիւններէն աւելի, ուշադիր եղէք», արժանանալով այլ ծափահարութեան։

Շնորհակալութիւն ձեր ծառայութեան համար

Ան ապա ինչպէս միշտ հանդիպումը սկսաւ բոլորին մաղթելով. «Խաղաղութիւնը թող ըլլայ ձեր հետ» հուսկ սկսաւ իր ճառը նշելով որ «Մեր այս առաջին հանդիպումը անշուշտ ծրագրային ճառեր կատարելու պահ մը չէ, այլ ինծի համար առիթ` ձեզի շնորհակալութիւն ըսելու, ծառայութեան համար, որ կը մատուցէք»։

Քահանայապետը ապա նշեց` թէ ինք Հռոմի Քուրիա ժամանած է միայն երկու տարիներ առաջ, երբ սիրելի Ֆրանչիսկոս Պապը զինք անուանած է Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ։

«Այդ ժամանակ ես թողուցի Չիքլայոյի Թեմը, Փերուի մէջ եւ եկայ աշխատելու այստեղ։ Ինչ մեծ փոփոխութիւն։ Իսկ այժմ….ի՞նչ կրնամ ըսել» յարեց Լեւոն ԺԴ. կրկնելով Սիմոն Պետրոսի Յիսուսին ուղղած խօսքերը. «Տէր դուն ամէն բան գիտես եւ գիտես, որ քեզ կը սիրեմ (Յովհ. 21,17)»։

«Քահանայապետերը կ՛անցնին Քուրիան կը մնայ» հաստատեց հուսկ Սրբազան Պապը նկատել տալով, որ այս մէկը վաւեր է իւրաքանչիւր յատուկ Եկեղեցւոյ համար ու նաեւ Եպիսկոպոսական Քուրիաներուն համար։

«Քուրիան արդարեւ այն հաստատութիւնն է, որ կը պահպանէ եւ կը փոխանցէ Եկեղեցւոյ մը պատմական յիշողութիւնը», նշեց Ան այս մէկը, այսինքն յիշողութիւնը նկատելով շատ կարեւոր տարր մը, որովհետեւ «առանց յիշողութեան կը կորսուի ուղին եւ ուղեւորութեան իմաստը»։

 Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի աշխատանքային ընտանիքին հետ
Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի աշխատանքային ընտանիքին հետ   (@Vatican Media)

«Հռոմի Քուրիայի մէջ աշխատիլը կը նշանակէ սատարել կենդանի պահելու Առաքելական Աթոռին յիշողութիւնը...այնպէս որ Քահանայապետին ծառայութիւնը իրագործուի ամենալաւ ձեւերով», յարեց ապա Սրբազան Պապը այս նոյն գաղափարը ընդլայնելով նաեւ Վատիկան Քաղաք - Պետութեան ծառայութիւններուն։

Յիշողութեան կողքին ու անոր որպէս լրացում Քահանայապետը մատնանշեց Քուրիայի միսիոներական չափանիշին, որուն վրայ շեշտը դրած էր Ֆրանչիսկոս Պապը իր Աւետարանի Ուրախութիւնը առաքելական յորդորագիրով ու նաեւ «Praedicate Evangelium» սահմանադրութեամբ, որով բարեփոխեց Հռոմի Քուրիան աւետարանութեան հեռանկարով։

Լեւոն ԺԴ. մատնանշեց հուսկ միսիոներական իր անձնական փորձառութեան, ոչ միայն որպէս քրիստոնեայ, այլ որպէս Օգոստինեան կրօնաւոր Փերույի մէջ իր առաքելութեամբ, «ուր հասունցաւ իմ հովուական կոչումս» ըսաւ Ան, աւելցնելով, որ «պիտի չկարենայ պէտք եղածին չափ շնորհակալ ըլլալ Տիրոջ, իրեն շնորհած այդ պարգեւին համար, ապա Հռոմի Քուրիայի մէջ ծառայութեան կոչումին` զոր «պիտի շարունակեմ մինչեւ այն ատեն, որ Աստուած կամենայ» ըսաւ Լեւոն ԺԴ.ը։

Ան ապա յիշեց իր ընտրութեան օրը` 8 Մայիսի երեկոյեան արտասանած խօսքերը հայող միսիոներական եկեղեցւոյ, որոնց ակնարկեցինք վերեւ, ապա հաստատեց թէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է ծառայել հաղորդութեան եւ միութեան, սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ։

 Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի աշխատանքային ընտանիքին հետ
Լեւոն ԺԴ.ի հանդիպումը Սուրբ Աթոռի եւ Վատիկանի աշխատանքային ընտանիքին հետ   (@Vatican Media)

«Տէրը այս պարտականութիւնը տուաւ Պետրոսին և Անոր յաջորդներուն, և դուք բոլորդ տարբեր ձևերով կը համագործակցիք այս մեծ գործին։ Իւրաքանչիւրը իր ներդրումը ունի՝ ամենօրեայ աշխատանքը կատարելով նուիրուածութեամբ և նաև հաւատքով, քանի որ հաւատքն ու աղօթքը նման են ուտելիքին համար աղի, համ կու տան։

Ուստի եթէ ​մենք բոլորս պէտք է համագործակցինք միութեան և սիրոյ մեծ դատին, փորձենք այդ մէկը կատարել առաջին հերթին առօրեայ իրավիճակներուն մէջ մեր վարքագիծով` սկսեալ աշխատանքային վայրէն։ Բոլորս կարող ենք ըլլալ միութեան կառուցող` գործընկերներու նկատմամբ մեր վերաբերմունքով՝ յաղթահարելով անխուսափելի թիւրըմբռնումները համբերատարութեամբ և խոնարհութեամբ, մենք մեզ դնելով ուրիշներուն տեղը, խուսափելով նախապաշարմունքներէն, ինչպէս նաև «հումուրի» լաւ չափաբաժինով, ինչպէս մեզի սովորեցրեց Ֆրանչիսկոս Պապը» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին։

Ան ապա խօսքը աւարտեց յիշեցնելով որ «կը գտնուինք մայիս ամսուայ մէջ» եւ հրաւիրելով` «Սուրբ Կոյս Մարիամէն միասնաբար խնդրելու` որ օրհնէ Հռոմի Քուրիան, Վատիկան Քաղաքը ու նաեւ ձեր ընտանիքները մասնաւորապէս մանուկները, տարեցները, ու հիւանդ եւ տառապող անձերը», յարեց Լեւոն ԺԴ. ու բոլոր ներկաներուն հետ միասին աղօթեց «Ողջոյն քեզ Մարիամ» աղօթքը, որուն աւարտին իր օրհնութիւնը շնորհեց բոլոր ներկաներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/05/2025, 10:52