Լեւոն ԺԴ. Պապը Լեւոն ԺԴ. Պապը  (@Vatican Media)

Լեւոն ԺԴ. Ներկայ եղէք պատմութեան խմորին մէջ որպէս հաղորդութեան, եղբայրութեան թթխմոր

Լեւոն ԺԴ. Պապը ընդունեց «Arena di pace» խաղաղութեան նուիրուած ձեռնարկին կեանք տուող ընկերակցութիւններուն եւ շարժումներուն անդամները։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ, 30 մայիսին, Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը Վատիկանի մէջ ընդունեց Իտալիոյ Վերոնա Քաղաքին մէջ «Arena di pace» խաղաղութեան նուիրուած ձեռնարկին կեանք տուող ընկերակցութիւններու եւ շարժումներու անդամները։

«Arena di pace» ձեռնարկը նախաձեռնութիւն մըն է, որ ունի որպէս նպատակ խաղաղութեան եւ բռնութեան դէմ պայքարը, քաղաքացիական հասարակութեան եւ հռչակաւոր յայտնի գործիչներուն մասնակցութեամբ՝ մեծ հաւաքոյթներուն միջոցաւ։ Ան հիմնուած է 1986ին, Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ։

Արտասանած ճառին մէջ Լեւոն ԺԴ. Պապը իր ուրախութիւնը յայտնեց վերոյիշեալ ընկերակցութիւններու եւ շարժումներուն անդամներուն, որոնք «մէկ տարի առաջ կեանք տուին՝ Ֆրանչիսկոս Պապին մասնակցութեամբ «Arena di Pace» մեծ հանդիպումին», որուն ընթացքին, հանգուցեալ Քահանայապետը կրկին անգամ շեշտած էր` որ «խաղաղութեան կառուցումը կը սկսի զոհերուն կողքին կանգնելով ու անոնց տեսակէտը կիսելով» ըսաւ Լեւոն ԺԴ. ընդգծելով, որ այս հեռանկարը էական է «սիրտերը, հայեացքները միտքերը զինաթափելու եւ կործանարար և մնացորդացի մշակոյթի վրայ հիմնուած համակարգի անարդարութիւնները դատապարտելու համար»։

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, որ «Խաղաղութեան ուղին կը պահանջէ սիրտեր եւ միտքեր, որոնք մարզուած են ուրիշներուն ուշադրութիւն դարձնելու եւ ունակ ճանչնալու ընդհանուր բարօրութիւնը այսօրուան շրջանակէն ներս» դիտել տալով որ` «դէպի խաղաղութեան տանող ճանապարհը հասարակական է եւ այդ կ՝անցնի բոլոր կենդանի էակներու միջեւ արդարութեան յարաբերութիւններուն խնամքի միջոցաւ», ըսաւ Ան դիտել տալով` որ մեր դարաշրջանը յատկանշող արագութեան ու անմիջակութեան ոլորտէն ներս մենք պէտք է վերագտնենք հարկաւոր ժամանակը ուր գործընթացքները կարող են իրականանալ։

Արդարեւ, աւելցուց Ան, «պատմութիւնը, փորձառութիւնը եւ մեր ճանչցած բարի գործելակերպերը մեզի հասկցուցին, որ իսկական խաղաղութիւնը այն է, որ կը ձեւաւորուի մեկնելով իրականութիւններէն (հողատարածքներ, համայնքներ, տեղական հաստատութիւններ եւ այլն) եւ անոնց ունկնդրութեամբ։ Խաղաղութիւնը կարելի է երբ տարբերութիւններն ու հակառակութիւնները ոչ թէ կը վերացուին այլ կը ճանչցուին, կ՛ընկալուին եւ կը շրջանցուին»։«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, աշխարհին մէջ եւ մեր հասարակութիւններուն մէջ չափազանց շատ բռնութիւն կայ։ Պատերազմներու, ահաբեկչութեան, մարդավաճառութեան եւ լայնածաւալ բռնութիւններուն դէմ պատանիները, երիտասարդները կարիքը ունին փորձառութիւններուն, որոնք կը դաստիարակեն կեանքի մշակոյթ, երկխօսութիւն եւ փոխադարձ յարգանք եւ առաջին հերթին անոնց անհրաժեշտ են բռնութիւններէ զերծ վկաներ։

Աւետարանը եւ Կաթողիկէ Ընկերային Վարդապետութիւնը քրիստոնեաներուն համար այս յանձնարարութեան մշտական սնուցումն է եւ միաժամանակ` վաւեր կողմնացոյց բոլորին համար»։

«Եթէ խաղաղութիւն կ՝ուզես, պատրաստէ խաղաղութեան հաստատութիւններ» հաստատեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը ու յիշեց թէ ինչպէս Ֆրանչիսկոս Պապի «Fratelli tutti» շրջաբերականին մէջ «մենք»ի կառուցման անհրաժեշտութեան կոչը բազմիցս կրկնուած է, եւ որ պէտք է նաեւ թարգմանուի պետական մակարդակով։ «Ասոր համար ձեզ կը հրաւիրեմ ներկայ ըլլալու յանձնառութեան՝ ներկայ պատմութեան խմորին մէջ, որպէս հաղորդութեան, եղբայրութեան թթխմոր», եղաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին թելադրանքը։

Ան ապա ճառը եզրափակեց ըսելով «Եղբայրութիւնը, պէտք է յայտնաբերուի, սիրուի, զգացուի, յայտարարուի եւ վկայուի այն վստահ յոյսով՝ որ հնարաւոր է Աստուծոյ սիրոյ շնորհիւ, որ «վերապահուած է մեր սիրտերուն մէջ Սուրբ Հոգիին միջոցաւ»։ (Հռոմէացիներ 5։5)։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/05/2025, 11:02