Լեւոն ԺԴ. Զինաթափենք խօսքերը՝ երկիրը զինաթափելու համար
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 12 մայիսին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ Լեւոն ԺԴ քահանայապետը ընդունեց եւ պատգամ մը ուղղեց հաղորդամիջոցներուն ներկայացուցիչներուն, լրագրողներուն եւ աշխատակիցներուն, որոնք այս օրերուն Հռոմ կը գտնուին ու լուսաբանեցին վերջին այս շրջանին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած անցուդարձները։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը սկսաւ, ողջունելով աշխարհի չորս ցամաքամասերէն ժամանած հաղորդամիջոցներուն ներկայացուցիչները ճանչնալով անոնց հիմնարար դերը «եկեղեցւոյ համար Շնորհքի ժամանակի մէջ», ապա մէջբերելով Յիսուսի «Երանի խաղաղարներուն» (Մատթ 5,9) երանութիւնը ընդգծեց, որ իսկական հաղորդութիւնը պէտք է ուղղուած ըլլայ խաղաղութեան, սիրոյ, ճշմարտութեան որոնումին՝ առանց յարձակողական ըլլալու, մրցակցութեան եւ բաժանումի։
«Ոչ» բառերու և պատկերներու պատերազմին
«Հաղորդակցութիւնը պէտք է սկսի մեր հայեացքի, լսելու եւ խօսելու ձեւէն, մերժելով բառերու եւ պատկերներուն պատերազմը եւ սիրով խթանելով երկխօսութիւնն ու ճշմարտութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը ։
Ան ապա հաստատեց` որ Եկեղեցին զօրակից է ճշմարտութիւնը փնտռելու եւ լուսաբանելու համար բանտարկուած լրագրողներուն, կոչ ընելով նաեւ անոնց ազատագրումին համար ապա գնահատեց անոնց քաջութիւնը՝ պաշտպանելու համար` արժանապատուութիւնը, արդարութիւնը եւ տեղեկատւութիւնը ստանալու իրաւունքը, «որովհետեւ, յարեց Ան միայն տեղեկացուած ժողովուրդները կարող են ազատ ընտրանքները կատարել»
Ազատ արձակուին բանտարկուած լրագրողները
«Այս վկաներուն տառապանքը կոչ կ՝ընէ համաշխարհային խիղճին, պաշտպանելու մամուլի ազատութիւնը, որպէս թանկարժէք բարիք» ըսաւ Լեւոն ԺԴ ու յիշեց Լրատուամիջոցներուն դերի կարեւորութիւնը, եկեղեցւոյ պատմութիւնը, անոր միասնութիւնն ու բազմազանութիւնը պատմելու գործին մէջ, յատկապէս այնպիսի միջոցառումներու ժամանակ, ինչպէս եղաւ Սուրբ Շաբաթը, Ֆրանչիսկոս Պապին մահն ու Քոնքլավը, ընդգծելով` որ Զատկուան հաւատքը կը միացնէ բոլորս՝ Քրիստոսի, Բարի հովիւին սիրոյ մէջ։
Դժուար ժամանակներու մարտահրաւէրները կը պահանջեն որ իւրաքանչիւր անձ իրեն յատուկ տարբեր դերակատարութեամբ եւ ծառայութեամբ, չ՝ենթարկուի միջակութեան, որուն համար կարելի չէ` որ «գոյութիւն ունենայ հաղորդակցութիւն եւ լրագրութիւն, որ ըլլայ ժամանակէն ու պատմութենէն դուրս», ինչպէս մեզի կը յիշեցնէ Սուրբ Օգոստոնիսը. «Լաւ ապրինք ու ժամանակները պիտի դառնան լաւ։ Մենք ենք այդ ժամանակները»։
Փոխանցել Եկեղեցւոյ էութիւնը։ Հաղորդակցութիւնը ըլլայ մշակոյթ
Քահանայապետը առ այդ շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն որ յաջողեցան «քրիստոնէական կեանքի ու եկեղեցւոյ էութիւնը՝ փոխանցելու» համայն աշխարհին ապա հրաւիրեց խթանելու հաղորդակցութիւն մը որ կարող ըլլայ մեզ դուրս բերել «Բաբելոնի աշտարակէն», որուն մէջ յաճախ կը գտնուինք...ասոր համար «հաղորդակցութիւնը պէտք չէ ըլլայ լոկ տեղեկութիւններու փոխանցում այլ մշակոյթի, մարդկային միջավայրերու, երկխօսութեան եւ համեմատութեան վայրերու ստեղծում» ըսաւ հուսկ Լեւոն ԺԴ ապա անդրադարձաւ արհեստական բանականութեան ու անոր մեծ ներուժին որ սակայն կը պահանջէ պատասխանատուութիւն ու զատորոշում, գործիքները կողմնորոշելու համար ի սպաս բոլորի բարիքին»։
Զինաթափենք խօսքերը և պիտի սատարենք զինաթափելու Երկիրը
«Սիրելի բարեկամներ ժամանակի ընթացքին պիտի սորվինք իրար ճանչնալ աւելի լաւ։ Ապրեցանք արտակարգ օրեր, զոր դուք կիսեցէք հաղորդամիջոցներու որեւէ միջոցի միջոցաւ» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը , յոյս յայտնելով որ անոնք «քիչ մը բացայայտած ըլլան մարդկութեան խորհուրդը, թողելով սիրոյ եւ խաղաղութեան իղձ մը», ու կրկնեց Ֆրանչիսկոս Պապին այս տարուայ Հաղորդակցութեան Միջոցներու Միջազգային օրուան պատգամին մէջ պարունակուած խօսքը. «Զինաթափենք հաղորդակցութիւնը որեւէ նախապաշարումէ, ոխէ, ծայրայեղութենէ ու ատելութենէ, բիւրեղացնենք զայն նախայարձակումներէ...պէտք ունին հաղորդակցութեան մը որ կարող ըլլայ ունկնդրելու, ընկալելու աւելիով տկարներուն ձայնը, որոնք ձայն չունին։ Զինաթափենք խօսքերը և պիտի սատարենք զինաթափելու Երկիրը։ Զինաթափուած և զինաթափող հաղորդակցութիւնը թոյլ կու տայ մեզի կիսել աշխարհի վրայ տարբեր հայեացք մը, ու գործելու մեր մարդկային արժանապատւութեան համապատասխան ձեւով»։
Ընտրեցէք խաղաղութեան ուղին
«Դուք առաջնագիծի վրայ էք՝ հակամարտութիւնները, խաղաղութեան յոյսերը, անարդարութեան եւ աղքատութեան իրավիճակները, ինչպէս նաեւ շատերուն լուռ աշխատանքները պատմելու մէջ՝ աւելի լաւ աշխարհի համար։ Ասոր համար ձեզմէ կը խնդրեմ որ գիտակցութեամբ եւ քաջութեամբ ընտրէք խաղաղութեան հաղորդակցութեան ուղին»։ Շնորհակալութիւն, Աստուած օրհնէ ձեզ, ցտեսութիւն» ըսաւ Լեւոն ԺԴ եզրափակելով իր խօսքը ապա բոլոր ներկաներուն շնորհեց իր օրհնութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
