Որոնել

Կարդինալ Ռէյնա Կարդինալ Ռէյնա 

Կարդինալ Ռէյնա նշանակուեցաւ «Յովհաննէս Պօղոս Բ» Քահանայապետական համալսարանի նոր Աւագ Ատենապետ

«Յովհաննէս Պօղոս Բ» Քահանայապետական համալսարանը բարձրագոյն ուսումնական կեդրոնն է, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է աստուածաբանական ուսումնասիրութիւններուն եւ ամուսնութեան ու ընտանիքի գիտութիւններուն, եւ կը համագործակցի Աշխարականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան հետ՝ ընդհանուր ուղղութիւններ խթանելու համար ամուսնութեան, ընտանիքի եւ կեանքի գիտութիւններուն մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լեւոն ԺԴ. Պապը, Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Պալտասարրէ Ռէյնան անուանեց Ընտանիքի եւ Ամուսնութեան գիտութիւններուն համար, «Յովհաննէս Պօղոս Բ» Աստուածաբանական համալսարանի Աւագ Ատենապետ։ Ան կը յաջորդէ Գերպ. Վինչէնցօ Փալիային, որ անցեալ 21 ապրիլին բոլորեց իր ծննդեան 80-րդ տարին։

Համալսարանը հիմնադրուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ 2017 թուականին, սեպտեմբերի 8ին, «Summa familiae cura» ինքնագիր առաքելական նամակով՝ որով փոխարինեց` Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետական ամուսնութեան եւ ընտանիքին գիտութիւններուն համալսարանը, որ հիմնադրուած է 1982 թուականին հոկտեմբեր 7ին, «Magnum Matrimonii Sacramentum» Առաքելական Սահմանադրութեամբ։

Աստուածաբանական համալսարանի կեդրոնը կը գտնուի Հռոմի մէջ բայց ան արտասահմանի մէջ եւս ունի եօթը մանսճիւղեփր՝ Միացեալ Նահանգներուն, Մեքսիքոյի, Սպանիոյ, Պրազիլի, Պենինի, Հնդկաստանի, ունի ընկերակից կեդրոններ, Լիբանանի, Ֆիլիփինի եւ Սանթօ Տոմինկոյի մէջ։

Ան միակ բարձրագոյն ուսումնական կեդրոնն է, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է աստուածաբանական ուսումնասիրութիւններուն եւ ամուսնութեան ու ընտանիքի գիտութիւններուն, եւ կը համագործակցի Աշխարականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Վերատեսչութեան հետ՝ ընդհանուր ուղղութիւններ խթանելու համար ամուսնութեան, ընտանիքի եւ կեանքի ուսմունքներուն մէջ, նաեւ կազմաւորման դասընթացքներուն եւ ընտանեկան շարժումներուն համաշխարհային ցանցի հետ փոխանակումի հնարաւորութիւններուն միջոցաւ ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2025, 11:50