Բարթողոմէոս Պատրիարքը հանդիպեցաւ Լեւոն ԺԴ. ին հետ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երկուշաբթի, 19 մայիսին, առաւօտեան, Կոստանդնուպոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ առանձնական հանդիպում ունեցաւ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ, որուն ընթացքին, տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում, խաղաղութեան եւ շրջակայ միջավայրի նկատմամբ համատեղ նուիրուածութեան խոստում եւ Նիկիոյ ժողովի 1700 ամեակի առթիւ վերստին տեսնուելու փափաք։
Տիեզերական Պատրիարքութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Լեւոն ԺԴ.․ Պապին հետ հանդիպումի ընթացքին Բարթողոմէոս Պատրիարքը անձնապէս շնորհաւորեց Անոր Քահանայապետ ընտրուիլը եւ զրոյցի ընթացքին, ի շարս այլ բաներու ընդգծեց Ուղղափառ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցիներուն միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան շարունակական խթանման եւ խորացման, ինչպէս նաեւ երկու Եկեղեցիներուն միջեւ ընկերային հարցերու շուրջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը՝ ինչպէս աշխարհի մէջ խաղաղութեան վերականգնումն ու պահպանումը, տառապող անձերուն աջակցութիւնը եւ շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը։
«Լեւոն ԺԴ. Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց Բարթողիմէոս Պատրիարքին Պետրոսի առաքելութեան սկիզբի արարողութեան ներկայութեան համար, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Քրիստոնեաներուն միջեւ երկխօսութեան եւ համագործակցութեան խթանման կարեւորութիւնը», նշուած է յայտարարութեանն մէջ։
Ինչպէս արդեն նախապէս յայտարարած էր Համաշխարհային մամուլի ներկայացուցիչներուն անոնց հետ ունեցած իր առաջին զրոյցի ժամանակ՝ Լեւոն ԺԴ.․ Քահանայապետը «հաստատեց իր մեծ փափաքը՝ Թուրքիա այցելելու ընթացիկ տարուան ընթացքին՝ միասին նշելու համար Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700 ամեակը»։
Նուէրներուն փոխանակումի ընթացքին, Բարթողոմէոս Պատրիարքը Լեւոն ԺԴ Պապին նուիրեց Maria Odigitria Տիրամօր սրբանկարը, Աթոնիթի վանականներուն կողմէ պատրաստուած խունկ եւ գիրքեր։
Լեւոն ԺԴ. Պապը նուիրեց գեղարուեստական ներկայացումով Մկրտութեան տեսարան։
«Մեծ գոհունակութեամբ տեսայ, որ մենք կարող ենք շարունակել մեր Եկեղեցիներու նոյն ճանապարհը, ողջ քրիստոնէութեան եւ աշխարհի խաղաղութեան համար», ըսաւ Տիեզերական Պատրիարքը Tv2000 հեռուստակայանի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, Մարիա Մաճճորէ տաճար այցելելէն ետքը, ուր յարգանքի տուրք մատուցեց Ֆրանչիսկոս Պապին։
«Լեւոն ԺԴ.․ Պապը, ինծի վստահեցուց որ կը փափաքի Թուրքիա գալ Նիկիոյ ժողովի 1700 ամեակին առիթով,․ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ բազմիցս արտայայտուած փափաք, որ հակառակ վերջին ժամանակներու ծանր հիւանդութեան, երբեք չկորսնցուց այդ կարեւոր ճամբորդութիւնը կատարելու յոյսը»։
Բարթողոմէոս Ա Պատրիարքը՝ յիշելով «ամենասիրելի, յարգելի, բարեկամ՝ Ֆրանչիսկոս Պապը,« որուն հետ մենք համագործակցեցանք Եկեղեցւոյ եւ մարդկութեան բարօրութեան համար, Իր քահանայապետութեան ընթացքին», նշեց թէ վարդեր ձգած է Անոր դամբարանին՝ հայցելով «Անոր աղօթքը երկինքէն, մեզի բոլորիս համար եւ Անոր յաջորդին համար, «որուն հետ այսօր առաւօտեան սկսանք մեր համագործակցութիւնը, բարեկամութիւնը՝ Տիրոջ մէջ, որուն մենք կը վստահինք Եկեղեցւոյ ապագայի մեր ողջ տեսլականը, մեր ողջ յոյսը, եւ մեր փոխադարձ եղբայրական սէրը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
