Լեւոն ԺԴ.ի պաշտօնական հանդիպումները
Ռոպէր Աթարեան - Վատիկան
Ուրբաթ` 23 Մայիս 2025-ի առաւօտեան Լեւոն ԺԴ. Պապը առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Պուլկարիայի Վարչապետ` Ռոզէն Տիմոդրով Զիլիասքովի եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն, ապա հանդիպում ունեցաւ Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու յանձնաժողովի (COMECE) Նախագահին ու յանձնաժողովի Մնայուն Կոմիտէի անդամներուն հետ, որոնցմէ ետքը յաջորդաբար ընդունեց` Կղերի Վերատեսչութեան վերատեսուչ` Կարդինալ Լածծարօ Հէունկ-սիք Եուն, Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչ` Կարդինալ Եաքոպ Քովաքարտը ու Պիելոռուսիոյ մէջ Առաքելական Նուիրակ` Գերապայծառ Ինիացիօ Չեֆֆալիան, որ երէկ Սուրբ Պետրոս պազիլիքային մէջ Կարդինալ Փարոլինի ձեռամբ ընդունեց եպիսկոպոսական օծումը։
Եւրոպական Միութեան եպիսկոպոսական համահաւագ դասերու յանձնաժողովը, լատիներէն՝ «Commissio episcopatuum Communitatis Europaeae» (COMECE), Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատկան կազմակերպութիւն մըն է, որ կը համախմբէ Եւրոպացի եպիսկոպոսները՝ Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) քաղաքականութիւնն ու օրէնսդրութիւնը Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութեան տեսանկիւնէն ուսումնասիրելու նպատակով։ COMECE-ն պէտք չէ շփոթել Եւրոպական Եպիսկոպոսներու Համահաւաք դասի Խորհուրդին (CCEE) հետ։
COMECE-ն կազմուած է Եւրոպական Միութեան քսանվեց կաթողիկէ եպիսկոպոսական դասերու կողմէ նշանակուած եպիսկոպոսներէն և Պրիւքսէլի մէջ ունի մշտական քարտուղարութիւն: Ան հիմնուած է 1980 թուականի մարտի 3-ին, որուն նախորդած է Եւրոպական հովուական տեղեկատուական ծառայութիւնը (SIPECA, 1976-1980): 1970 թուականին եպիսկոպոսական համաժողովներու և Եւրոպական Միութեան միջև կապի գործիք ստեղծելու վերաբերեալ տեղի ունեցած քննարկումները հանգեցան COMECE-ի ստեղծումին` 1979 թուականին Եւրոխորհրդարանի առաջին ուղղակի ընտրութիւններու նախօրէին։
COMECE-ի այսօրուայ նախագահն է Գերապ. Մարիանօ Քրոչաթան, Լաթինա – Թերրաչինա – Սեցցէ – Փրիվերնօ թեմին առաջնորդը, որ այս պաշտօնը կը վարէ22 Մարտ 2023-էն ի վեր։ Յանձնաժողովը ունի ապա չորս փոխ-նախագահներ ու ընդհանուր քարտուղար մը։ Նախագահին ու փոխ նախագահներու պաշտօնավարութիւնը կը տեւէ հինգ տարի, քարտուղարին պաշտօնը կը նորոգուի իւրաքանչիւր չորս տարին անգամ մը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
