Ճանապարհ Խաչի. Հաշուարկներու աշխարհի մը մէջ Խաչը մեզի կը խօսի սիրոյ մասին. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քոլլոսէումի ամփիթատրոնի տարածքին նախատեսուած ամէնամեայ աւանդական Ճանապարհ Խաչի արարողութեան այս տարուայ մտածականները պատրաստուած են նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, թէեւ Ան, ապաքինման մէջ գտնուելու բերումով պիտի չկարողանայ անձամբ գլխաւորել զայն ու այդ մէկը յանձնած է Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Պալտօ Ռէյնային։
Ճանապարհ Խաչի արարողութեան 14 կայանները ներկայացնող ներածականին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կը գրէ` որ դէպի Գողգոթա տանող Յիսուսին քայլերուն մէջ կայ մեր «ելքը դէպի նոր երկիր», որովհետեւ Քրիստոս եկաւ աշխարհը փոխելու, ուստի մենք ալ պէտք է որ «ուղղութիւնը փոխենք ու տեսնենք Յիսուսին հետքերուն բարիքները։ Ասոր համար Ճանապարհ Խաչին աղօթքն է` որ կը շարժի։ Կ՛ընդհատէ մեր սովորական ուղիները»։ Անիկա մեր վրայ կշռող ուղի մըն է` Յիսուսին ուղին, «այս աշխարհին մէջ, որ ամէն ինչ կը հաշուարկէ» եւ ուր «ձրիութիւնը սուղ գին մը ունի»։ Սակայն «նուիրումի մէջ», կը նշէ Նորին Սրբութիւնը «ամէն բան կը ծաղկի», խմբակցութիւններու միջեւ բաժանուած և հակամարտութիւններէ բզկտուած քաղաքը կը մղուի դէպի հաշտեցում. ցամաքած կրօնականութիւնը կը վերագտնէ Աստուծոյ խոստումներու պտղաբերութիւնը» և «նոյնիսկ քարէ սիրտը կարող է վերածուիլ մարմնեղէն սրտի»:
Քահանայապետին պատրաստած մտածականները կ՛առաջարկեն ներքին ուղեւորութիւն մը` դպչելով կեդրոնական նիւթերու ինչպիսիք է ազատութիւնը, անկումը եւ վերածնունդը, զօրակցութիւնը. Ապրուած հաւատքը եւ յամառ յոյսը։
Մարդուն Ազատութիւնը
Յիսուս ազատօրէն ինքզինք կը նուիրէ մարդու դատողութեան, Աստուած կը վստահի մարդուն ազատութեան, նոյնիսկ երբ այդ ազատութիւնը կարող է անարդարութիւն բերել։ «Ազատութեան գլխապտոյտը» նոյնիսկ ամենամութ հանգամանքներէն ներս լաւը ընտրելու հնարաւորութեան մէջ է, ինչպէս Քրիստոս ըրաւ խաչին վրայ։
Պիղատոսը, Հերովդէսը, եւ քահանաները կը ներկայացնեն ընտրելու մեր վախերը, դուրս գալու մեր դերերէն ու զիջումներու չի յանձնուելու։ Այժմէական նախազգուշացում:
Անկում եւ վերականգնում
Յիսուսի երեք անկումները կը դառնան անմարդկային փորձառութեան տիպարներ։ Դէպի սրբութիւն ուղեւորութիւնը արդարեւ սահուն չէ, այլ կազմուած է սայթաքումներէ, թուլութիւններէ և նոր սկիզբներէ:
Յիսուս, ըլլալով հանդերձ առանց մեղքի, կ՛իյնայ մօտենալու համար իւրաքանչիւր մեղաւորի եւ այս մէկը կը տապալէ իշխանութեան և յաջողութեան տրամաբանութիւնը:
Քահանայապետը առ այդ կը դատապարտէ այսօրեայ տնտեսութեան անմարդկային իրականութիւնը, որ կը զոհաբերէ «մէկը» «ինիսունը ինի» համար, եւ հակառակ է Աստուածային տնտեսութեան, որ կը փնտռէ կորսուածը։
Կիւրենացիին նման
Սիմոն Կիւրենացին մեզի ցոյց կու տայ, որ կարող ենք Աստուծոյ հանդիպիլ նաեւ պատահաբար, մինչ կը վերադառնանք դաշտէն։ Ուրիշի խաչին բեկորները մեր վրայ կրելը կարող է փոխել մեր ուղղութիւնը` եւ այս մէկը հրաւէր է թոյլ տալու ներգրաւուիլ աշխարհի ցաւերուն մէջ։ Աստուծոյ հետ գործելը կը նշանակէ սերմանել յոյսի նոր արտին մէջ։
Կիները Գողգոթայի ճանապարհին վրայ
Մարիամ առաջին աշակերտուհին մեզ կ՛առաջնորդէ լռելեան աջակցութեան մէջ, որ կազմուած է ունկնդրութեամբ ու ներկայութեամբ։ Մինչ Վերոնիքան մեզի կը յիշեցնէ` որ սէրը կարող է ըլլալ պարզ եւ գործնական. Սրբել դէմքը, նուիրել ուշադրութիւն։
Երուսաղէմի դուստրերը կարեկցանք կ՛ արտայայտեն բայց Յիսուս զանոնք կը հրաւիրէ յանձն առնելու աւելի խոր պատասխանատուութիւն մը` լալ ու արտասուել ապագայի համար եւ վիրաւոր աշխարհին համար։
Պէտք չէ թաքցնել իսկական արցունքները, որովհետեւ անոնցք նշան է իրական կարեկցութեան կը հաստատէ Սրբազան Պապը
Յիսուս անոնց միջեւ որոնք տակաւին կը յուսան
Յովսէփ Արիմաթեցին կը ներկայացնէ անոնք` որոնք նոյնիսկ խաւարի մէջ կը սպասեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը եւ չեն վհատիր։ Սուրբ Շաբաթուայ լռութիւնը սուրբ ժամանակ մըն է, որ մեզի կը սորվեցնէ սպասումը, չգործելու արժէքը, եւ երկրին ու Աստուծոյ ժամանակներուն յարգանքը։
Քրիստոնէական յոյսը իր գագաթնակէտը կը գտնէ յարութեան մէջ. Որ խաղաղութեան խոստումն է բոլոր ազգերուն համար ու նաեւ բարեփոխում համայն արարչագործութեան։
Ճանապարհ Խաչիի մտածականներու ընդմէջէն Նորին Սրբութիւնը հրաւէր կ՛ուղղէ դարձի, կարեկցութեան ու պատասխանատութեան, Աւետարանի տրամաբանութիւնը հակադրելով ժամանակակից աշխարհի սառ բանաւորութեան։ Աշխարհի մը մէջ որ մխրճուած է հաշուարկներու մէջ` Խաչը մեզի կը խօսի սիրոյ մասին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
