Պահն է այս յոյսը հռչակելու բոլորին, դառնալով աշխարհի մէջ յոյսի կառուցողներ. Ֆրանչիսկոս Պապին պատրաստած քարոզը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Շաբաթ 19 Ապրիլին Աւագ Շաբաթ է. երեկոյեան ժամը 7,30ին, Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ, տեղի ունեցաւ Սուրբ Գիշերուայ Զատկական հսկումի արարողութիւնը, զոր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի նշանակումով գլխաւորեց Կարդինալական Դասի աւագերէց` Կարդինալ Ճովանպաթթիսթա Ռէ։
Արարողութիւնը սկիզբ առաւ Սուրբ Պետրոսի ներքնաբակին մէջ ուր կատարուեցաւ ''նոր կրակի օրհնութիւնը'' արարողութիւնը'' ապա Սուրբ Գրային ընթերցումներ, Սուրբ Մկրտութեան արարողութիւնը որուն ընթացքին երեք մեծահասակներ` երկու Իտալացի եւ մէկ ալպանացի մը ընդունեցան Սուրբ Մկրտութեան Խորհուրդը, ապա տեղի ունեցաւ Սուրբ Հաղորդութեան ծիսակատարութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին կարդինալական ու եպիսկոպոսական դասի անդամները, կղերականներ ու հազարաւոր հաւատացեալներ։
Սրբազան Պապը այցելեց Սուրբ Պետրոս տաճարը
Յայտնենք` որ Սրբազան Պապը այսօր յետմիջօրէին ժամը 5,30 ժամանակները ուզեց Սուրբ Պետրոս պազիլիքան այցելել եւ այնտեղ ամփոփուիլ աղօթքի մէջ «մօտիկ ըլլալու համար հաւատացեալներուն որոնք յառաջիկայ ժամերուն պիտի մասնակցին Սուրբ Զատկուայ հսկումի գիշերուան» գրուած էր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
Քահանայապետը հոգեպէս մեր հետն է
Արարողութեան ընթացքին Կարդինալ Ռէն կարդաց այս առիթով Ֆրանչիսկոս Պապին պատրաստած քարոզը, եւ ընթերցումէն առաջ ան նշեց` որ «Քահանայապետը հոգեպէս մեզի հետ է»։
Քարոզին մէջ Սրբազան Պապը նշած էր, որ Զատկական հսկումը լոյսի ու յոյսի պահ մըն է, յիշելով` որ Քրիստոսին Յարութիւնը կը յայտնուի գիշերուան մէջ որպէս մանր բողբոջ մը, որ կը փառատէ խաւարը։
Զատիկը լոկ տպաւորիչ իրադարձութիւն մը չէ, այլ գործընթաց մը, որ կը պահանջէ խոնարհ և ամենօրեայ հաւատք, քանի որ մահուան նկատմամբ յաղթանակը կ՛իրականացուի աստիճանաբար մեր կեանքին մէջ և նաեւ աշխարհին մէջ, որ տակաւին թիրախ է ցաւին ու անարդարութեան, գրած է Նորին Սրբութիւնը
Յարութեան զօրութիւնը կը հրաւիրէ աճեցնելու յոյսը
Յարութեան զօրութիւնը մեզ կը հրաւիրէ պահպանելու եւ աճեցնելու յոյսը, նաեւ դժուարութիւններուն մէջ, որովեհետւ Քրիստոս յաղթեց մեղքին ու մահուան։ Եւ այս յոյսը պէտք է, որ վկայուի պարզ արարքներով, զօրակցութեան խօսքերով եւ Աւետարանէն ներշնչուած ընտրանքներով, յատկապէս անոնց` որոնք կը տառապին, առանձին են ու ճնշուած, եղաւ Նորն Սրբութեան քարոզին մէջ արտայայտած այլ խոհերէն մին։
Չարը չունի վերջին խօսքը
Զատիկը մեզի կը յիշեցնէ` որ Աստուած իր ձեռքրուն մէջ ունի մարդկութեան պատմութիւնը ու թէ Անոր սէրը թոյլ չի տար որ չարը ունենայ վերջին խօսքը, նշած է ապա Քահանայապետը հաստատաելով` որ, Յիսուսին յարութիւնը, վերջնական շրջադարձն է, նոր կեանքի խոստումը, որուն մէջ Աստուած կը սրբէ ամէն արցունք և կը ջնջէ ամէն ցաւ:
Զատիկը լոյսի եւ վերածնունդի եղանակ
Պահն է այս յոյսը հռչակելու բոլորին, դառնալով աշխարհի մէջ յոյսի կառուցողներ։ Զատիկը լոյսի եւ վերածնունդի եղանակն է, որ մեզ կը հրաւիրէ դուրս գալու խաւարէն եւ ընկալելու Յարուցեալ Քրիստոսին խոստացած յաւիտենական կեանքի ու սիրոյ ապագան, եղան Նորին Սրբութեան Աւագ Շաբթուայ հսկումի արարողութեան համար պատրաստած քարոզին եզրափակիչ խօսքերը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
