Որոնել

Արխիւային նկար Արխիւային նկար  (ANSA)

Հարուստ Մարդը. Յիսուս անոր նայելով սիրեց զինք. Հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը

«Այսօր կը կեդրոնանանք Աւետարաններուն մէջ պատմուած Յիսուսի այլ հանդիպումի մը վրայ, այս անգամ սակայն այդ անձը անուն մը չունի, Մարկոս Աւետարանիչը զայն կը ներկայացնէ` որպէս «մարդ մը», որ միշտ պահած է պատուիրանները եւ որ հակառակ այս բանին տակաւին չէ գտած կեանքին իմաստը։ Անկախ ամէն այն բաներէն որ կ՛ընենք, զոհողութիւններէն ու յաջողութիւններէն, երջանիկ ըլլալու համար արժէքաւոր բանը, այն բանն է` որ կը կրենք մեր սրտին մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի` 9 ապրիլ 2025 -ին հրատարակուեցաւ` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան առիթով նախատեսուած գրաւոր խորհրդածութիւնը, որ ինչպէս նախորդ շաբաթներուն նուիրուած էր «Յիսուս Քրիստոս մեր Յոյսը» նիւթին ու յատկապէս Յիսուսի հանդիպումներուն։

Հարուստ մարդը

Այսօրուան խորհրդածութիւնը կը խօսէր Յիսուսին հարուստ մարդուն հետ հանդիպումի մասին, որ պատմուած է Մարկոս Աւետարանիչի կողմէ (Գլ. 10,1-22) ։

«Այսօր կը կեդրոնանանք Աւետարաններուն մէջ պատմուած Յիսուսի այլ հանդիպումի մը վրայ, այս անգամ սակայն այդ անձը անուն մը չունի, Մարկոս Աւետարանիչը զայն կը ներկայացնէ` որպէս «մարդ մը», որ միշտ պահած է պատուիրանները եւ որ հակառակ այս բանին տակաւին չէ գտած կեանքին իմաստը». Քիչ թէ շատ այս խօսքերով կը սկսի Քահանայապետին տարածուած գրաւոր խորհրդածութիւնը, որուն մէջ Ան կը հաստատէ, թէ «անկախ ամէն այն բաներէն որ կ՛ընենք, զոհողութիւններէն ու յաջողութիւններէն, երջանիկ ըլլալու համար արժէքաւոր բանը, այն բանն է` որ կը կրենք մեր սրտին մէջ»։

Ձերբազատուիլ խարիսխներէն

«Եթէ նաւ մը պիտի սկսի նաւարկութիւնը և հեռանայ նաւահանգստէն՝ բաց ծովուն մէջ նաւարկելու համար, ան կարող է ըլլալ հիանալի նաւ՝ բացառիկ անձնակազմով, բայց եթէ ան չվերցնէ խճաւազներն ու խարիսխները, որոնք կայուն կը պահեն զայն, երբեք պիտի չկարողանայ հեռանալ: Այս մարդն ալ իրեն համար շքեղ նաւ մը կառուցած է, բայց մնացած է նաւահանգիստի մէջ» կը կարդանք Սրբազան Պապին խորհրդածութեան մէջ, ուր ապա Ան կը պատմէ այդ հանդիպումին դրուագը. «Երբ Յիսուս ճամբայ ելաւ ահա մարդ մը վազեց ու անոր առջեւ ծունկի գալով՝ հարցուց անոր ու ըսաւ. «Բարի՛ վարդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ»։ Յիսուս ըսաւ անոր. «Ինչո՞ւ զիս բարի կ’անուանես։ Միայն Աստուած բարի է։ Պատուիրանները գիտես. մի սպաներ, մի շնար, մի գողնար, սուտ վկայութիւն մի ընէր, եւ Քու հայրդ ու մայրդ պատուէ»։ Անիկա պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Վա՛րդապետ, ատոնք ամէնքը մանկութենէս ի վեր պահեր եմ»։ Յիսուս անոր նայելով՝ սիրեց զինք ու ըսաւ . «Մէկ բան կը պակսի քեզի. գնա՛, ունեցածդ ծախէ՛, տո՛ւր աղքատներուն ու երկինքի մէջ գանձ պիտի ունենաս ապա խաչդ վերցուր ու եկուր իմ ետեւէս»։ Այս խօսքերուն վրայ երիտասարդին դէմքը մռայլեցաւ ու մեկնեցաւ տխուր,վասն զի շատ ստացուածք ունէր։

Յիսուս կը նայի մեր ներսը

«Մինչ այդ մարդը Յիսուսին կը ներկայացնէր իր կենսագրականը Տէրը նայեցաւ անոր ներսը` որովհետեւ Յիսուս ինչպէս միշտ կանգ չառներ արտաքինին վրայ։ Ան արդարեւ կը նայի մեզմէ իւրաքանչիւրիս ներսը մեզ կը սիրէ այնպէս ինչպէս, որ ենք իրականին մէջ։ Ան կը տեսնէ մեր դիւրաբեկութիւնը բայց նաեւ մեր սիրուած ըլլալու իղձը այնպէս ինչպէս որ ենք» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը ու աւելցուցած` որ «Յիսուս նայելով այդ մարդուն ներսը սիրեց զինք»։

Յիսուսին սէրը ձրի սէր է

Յիսուսին սէրը արդարեւ ձրի սէր է ու անոր մարդուն ներկայացուցած առաջարկը կեանքը փոխել է եւ իրեն հետեւիլ է, ապրելու համար Աստուծոյ հետ նոր յարաբերութիւն մը, որուն մէջ այլեւս անանուն անձեր չենք, այլ կը դառնանք յարաբերութեան մը մաս։

Այդ մարդը սակայն չի ընկալեր Յիսուսին հրաւէրը ու կը մնայ միայնակ որովհետեւ անոր կեանքին խճաւազները զինք խարսխուած կը պահեն նաւահանգիստին մէջ։ Անոր տխրութիւնը արդարեւ նշանն է` որ ան չկարողացաւ ճամբայ ելլել։

Յանձնուինք Յիսուսի Սուրբ Սրտին

Շատն անգամ կը կարծենք որ հաստութիւններ ունինք, սակայն անոնք միայն ծանրութիւններ են, որոնք մեզ կը կաշկանդեն։ Յոյսը այն է, որ այս մարդը, ինչպէս մեզմէ իւրաքանչիւրը, վաղ թէ ուշ կը փոխուի և կ՛ որոշէ նաւարկել։

Եղբայրներ եւ քոյրեր, Յիսուսի Սուրբ Սրտին յանձնենք բոլոր անորոշ վիճակի մէջ գտնուող ու տխուր անձերը, որպէսզի կարողանան զգալ Տիրոջ սիրոյ հայեացքը, որ կը յուզուի եւ քնքշութեամբ կը նայի մեր ներսը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2025, 12:06