«Լա Չիվիլթա Քաթթոլիքա» ի 175 ամեակը. Նուիրում երկխօսութեան եւ ճշմարտութեան
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական պատգամ մը ուղղեց «Լա Չիվիլթա Քաթթոլիքա» ամսաթերթին ծննդեան 175 ամեակի կապակցութեամբ։
Ամսաթերթին տնօրէն՝ Յիսուսեան միաբանութեան անդամ, Հայր Նունօ Տա Սիլվա Կոնսալվէշի յղած պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց, «Լա Չիվիլթա Քաթթոլիքա»ի ծննդեան 175 ամեակը հնարաւորութիւն կ՝ընծայէ ողջունելու գրողները, կրօնական հաստատութիւնը, որ կը համագործակցի հրատարակութեան տարբեր փուլերուն մէջ։
Քահանայապետը ապա պատգամին մէջ գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ այս տարիներուն համար, որոնց ընթացքին ամսաթերթը, որպէս բարեկամական ներկայութիւն ընկերակցեցաւ բազմաթիւ սերունդներուն, շնորհելով անոնց օգտակար թելադրանքներ՝ հաւատքի լոյսով աշխարհի իրադարձութիւնները մեկնաբանելու համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ իր խոր երախտագիտութիւնը յայտնեց խելացի ծառայութեան համար, որ կը մատուցեն սուրբ Աթոռին եւ եկեղեցւոյ, կատարելով լրագրողական գործունէութիւն, որ կը նպաստէ ճշմարտութեան նկատմամբ յարգանքին, տեղ տալով համեմատութիւններուն եւ երկխօսութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց ուրախութեամբ շարունակելու աշխատանքը՝ բարի լրագրութեան միջոցաւ որ կապուած է միայն աւետարանին, լսելով բոլորին ձայները ու մարմնաւորելով այդ հնազանդ հեզութիւնը, որ լաւ է սրիտին համար։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց խնդրելով Սուրբ Կոյս Մարիամի եւ Սուրբ Իգնատիոս Լոյոլա հովանին, ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար ու փոխանցեն իր ողջոյնները ողջ Յիսուսեան միաբանութեան անդամներուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
