Ֆրանչիսկոս Պապ. Աշխարհի դժուարութիւններուն դիմաց, աղօթքի մէջ յարատեւենք
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 9 ապրիլին, յոբելինական սուրբ տարուան առթիւ, Իտալիոյ Կրոսեթօ եւ Փիթիլիանօ, Սովանա, Օրպեթելլոյի թեմի հաւատացեալները ընկերակցութեամբ իրենց եպիսկոպոսին գերպ, Պերնարտինօ Ճորտանոյի ուխտագնացութեամբ Հռոմ ժամանեցին՝ անցնելու համար Սուրբ Պետրոսի տաճարին սուրբ Դուռէն։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղելով վերոյիշեալ թեմի հաւատացեալներուն ողջունեց անոնց եպիսկոպոսն ու ուխտաւորները մաղթելով, անոնք Սուրբ դուռէն անցնելով վերանորոգուին իրենց հաւատքին մէջ, որպէսզի հոգեւոր հովիւն ու հօտը միասին քալեն։
Պատգամին մէջ Քահանայապետը յատուկէն յիշեց հիւանդներն ու տարեցները հրաւիրելով զանոնք ապրելու այս փորձութեան ժամանակը, խորհելով խաչին վրայ Յիսուսին մասին, որ մխիթարութեան եւ փրկութեան աղբիւրն է։
Աշխարհի եւ մեր սիրտին մէջ զգացած դժուարութիւններուն դիմաց, Ֆրանչիսկոս Պապ յանձնարարեց յարատեւել աղօթքի մէջ, ամէն օր մտածելով այն յոյսի մասին, որ մեզ երկրի աղը կը դարձնէ։
Նորին Սրբութիւնը պատգամը աւարտեց հայցելով Տիրամօր եւ վերոյիշեալ թեմերուն պաշտպան սուրբերու բարեխօսութիւնն ու իր առաքելական օրհնութիւնը փոխանցեց խնդրելով, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
