Որոնել

Հնդկաստանի մէջ Սալեզեանները երիտասարդներուն հետ Հնդկաստանի մէջ Սալեզեանները երիտասարդներուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Սալեզեան միաբանութեան անդամներուն

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց Սալեզեան միաբանութեան 39-րդ ընդհանուր ժողովին մասնակիցներուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց Սալեզեան միաբանութեան 39-րդ ընդհանուր ժողովի մասնակիցներուն։Պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ դժբախտաբար չկարենալով հանդիպիլ ժողովին մասնակիցներուն հետ պատգամ մը կ՝ուղղէ միաբանութեան 39-րդ ընդհանուր ժողովին, ինչպէս նաեւ Տոն Պոսքոյի Արժանթին կատարած առաջին առաքելական այցելութեան 150-րդ ամեակի առթիւ։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ողջունեց Սալեզեան միաբանութեան նորընտիր աւագ տեսուչ, հայր Ֆապիօ Աթթարտ մաղթելով անոր բարի աշխատանք, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց կարդինալ Անճէլ Ֆերնանտէս Արթիմային եկեղեցւոյ մատուցած ծառայութեան համար քաջալերելով ժողովին մասնակիցները վստահութեամբ եւ յանձնառութեամբ ապրելու Սուրբ Հոգիին եւ սինոդական զատորոշումի այս ունկնդրութեան ժամանակը։

Անդրադառնալով ապա «Սալեզեաները Քրիստոսին սիրահարուած եւ երիտասարդներուն յանձնուած» ընդհանուր ժողովին կարգախօսին, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ «գեղեցիկ յայտագիր է «սիրահարուած եւ յանձնուած ըլլալ, թոյլ տալ լիապէս ներգրաւուած ըլլայ Տիրոջ սէրէն եւ ուրիշներուն ծառայել առանց ոչ մէկ բան վերապահելով, այնպէս ինչպէս կատարեց հիմնադիրը»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով Սալեզեան միաբանութեան անդամներուն, ողջ աշխարհին մէջ բարիքներ կատարելնուն համար քաջալերելով զանոնք շարունակելու միեւնոյն յարատեւութեամբ։

Շնորհելով ապա իր առաքելական օրհնութիւնը ժողովին մասնակիցներուն ինչպէս նաեւ հինգ ցամաքամասերուն մէջ տարածուած Սալեզեան միաբանութեան անդամներուն Ֆրանչիսկոս պապ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրենց համար հայցելով Տիրամօր հովանին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2025, 12:18