Որոնել

Pope Francis visits Regina Coeli prison in Rome

Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց «Regina Coeli» բանտը

«Ես կը փափաքիմ ամէն տարի կրկնել այն ինչ որ ըրաւ Յիսուս աւագ Հինգշաբթի օրը, ոտնլուան, բանտին մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով որ այս տարի ինք պիտի չկարենայ ընել այդ մէկը բայց ուզեց նոյնպէս մօտիկ ըլլալ անոնց։ «Կ՛աղօթեմ ձեզի ու ձեր ընտանիքներուն համար» յարեց Նորին Սրբութիւնը որ ապա մէկիկ մէկիկ ողջունեց բանտարկեալները։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Հինգշաբթի` 17 ապրիլի ժամը երեքի ժամանակները Ֆրանչիսկոս Պապը այցելեց «Regina Coeli» բանտը ուր դիմաւորուեցաւ Բանտի Տնօրէն` Տիկ Քլուատիա Քլեմենթիի ու բանտի անձնակազմին կողմէ։ Ան ապա ուղղուեցաւ Բանտի կեդրոնական գաւիթ ուր հանդիպեցաւ, տարբեր ազգութիւններէ, եօթանասուն բանտարկեալներու հետ, որոնք հետեւողական կերպով կը հետեւին Բանտի Մատրանապետի իրենց յատկացուցած գործունէութիւններու։

Տնօրէնին հակիրճ ողջոյնի խօսքէն ետքը որուն մէջ Ան, յանուն բանտի բոլոր հասարակութեան, շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին իր այս այցելութեան համար, Քահանայապետը արտայայտեց իր իղձը հանդիպելու բանտարկեալներուն հետ ըսելով. Ես կը փափաքիմ ամէն տարի կրկնել այն ինչ որ ըրաւ Յիսուս աւագ Հինգշաբթի օրը, ոտնլուան, բանտին մէջ»։

Սրբազան Պապը ապա աւելցուց թէ այս տարի ինք պիտի չկարենայ ընել այդ մէկը բայց ուզեց նոյնպէս մօտիկ ըլլալ անոնց։ «Կ՛աղօթեմ ձեզի ու ձեր ընտանիքներուն համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ ապա  մէկիկ մէկիկ ողջունեց բանտարկեալները։

Ան ապա չմեկնած խօսքը ուղղելով ներկաներուն զանոնք հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու «Հայր Մեր»ը ապա անոնց շնորհեց իր օրհնութիւնը։

Այցելութիւնը տեւեց երեսուն վայրկեան։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2025, 16:36