Սրբազան Պապին ցաւակցութիւնները Սանթօ Տոմինկոյի գիշերային ակումբի զոհերուն համար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Քահանայապետը ցաւ կը յայտնէ Սանթօ Տոմինկոյի մէջ «Ճեթ Սեթ» ակումբի փլուզման լուրը իմանալով որուն հետեւանքով ըստ որոշ տուեալներու կան աւելի քան 180 զոհեր եւ 250 վիրաւորներ։
Նորին Սրբութիւնը իր ցաւը արտայայտած է Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրի մը մէջ, ուղղուած Գերապայծառ Ֆրանսիսքօ Օզորիօ Աքոսթային, Սնաթօ Տոմինկոյի Արքեպիսկոպոսը, որուն մէջ Ան իր աղօթքները նուիրած է «մեռեալներու յաւիտենական հանգիստին համար» որոնց ընտանիքներուն ուղարկած է «իր ամենախոր ցաւակցութիւնները» ու «մխիթարութեան արտայայտութիւնները»։ Քահանայապետը ապա «շուտափոյթ ապաքինում յայտնած է» 250-ի մօտ վիրաւորներուն, քաջալերելով շտապ օգնութեան անձնակազմի վիրաւորներուն ու տուժողներուն ընկերանալու ջանքերը։
Սրբազան Պապը հուսկ բոլորին վրայ հայցած է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ` օրհնութիւնները։
Յայտնենք որ ակումբի առաստաղին փլուզումը պատահեցաւ 8 ապրիլի երեկոյեան մինչ տեղի կ՛ունենար համերգ մը։ Տոմինիքեան Հանրապետութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը եւս զօրակցութիւն արտայայտեց ի տես արկածին, Աստուծմէ հայցելով որ մխիթարութիւն պարգեւէ զոհերու ընտանիքներուն եւ աղօթքներ ապահովեցուցին վիրաւորներու ապաքինման համար։ Եպիսկոպոսները ապա խրախուսեցին տեղական իշխանութիւնները ու առողջապահական գործիչները շարունակելու իրենց յանձնառումը ի սպաս բոլոր զոհերուն։
Տոմինիքեան Հանրապետութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Գերպ. Ֆաուսթինօ Պուրկոսը այս տխուր ողբերգական պատահարի առիթով գլխաւորեց Սուրբ պատարագ մը, մինչ Հանրապետութեան նախագահը 8, 9 եւ 10 ապրիլը յայտարարեց ազգային սուգի օրեր։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
