Որոնել

2025.04.14 Antoni Gaudi

Աստուծոյ ճարտարապետ Անթոնիօ Կաուտին կը դառնայ երանաշնորհ

Քաթալացնի ճարտարապետը, որ իր կեանքին մեծ մասը նուիրեց Պարսելոնայի «Sagrada Familia» նախագիծին և իր աշխատանքը կը համարէր առաքելութիւն զԱստուած ճանչցնելու համար, այսօր հռչակուեցաւ Երանաշնորհ։ Անոր հետ միասին Երանելի հռչակուեցաւ Պրազիլի մէջ նահատակուած քահանայ Նածարէնօ Լանչոթթին եւ հնդիկ մայրապետ մը, մինչ այլ երեք քահանաներ եւս հռչակուեցան երանաշնորհ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի` 14 ապրիլ 2025-ին, Ֆրանչիսկոս Պապը` Սուրբերու Դատի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Մարչելլօ Սեմերարոյին շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին հրահանգ տուաւ, որ Վերատսեչութիւնը յայտարարէ հետեւեալ հրամանագիրը.

ա) Աստուծոյ Աղախին` Երանելի Սուրբ Կոյսի Էլիզվային` աւազանի անունով Էլիզվա Վաքայիլ հրաշքին հրամանագիրը։ Ան հիմնադիրը եղած է բոպիկ քարմելիթան մայրապետներու  միաբանութեան, որոնք այսօր կը կոչուին Թերեզեան Քարմելիթեան մայրապետներ։ Ծնած էր 15 հոկտեմբեր 1831-ին Հնդկաստանի Ոչանթուրուս քաղաք ու մահացած` 18 Յուլիս 1913 հնդկաստանի Վարափուժա քաղաք

բ) Աստուծոյ ծառայ` Նածարէնօ Լանչոթիի մարտիրոսութեան հայող հրամանագիրը։ Ան եղած է թեմական քահանայ։ Ծնած է 3 մարտ 1940-ին Հռոմի մէջ ու նահատակուած 22 Փետրուար 2001 Պրազիլի Սաօ Փաոլօ քաղաքին մէջ` իր արիւնը դափելով իր հաւատքին համար։

գ) Հերոսական առաքինութիւններու հրամանագիրը հայող` Աստուծոյ Ծառայ Փիեթրօ Ճուզեփփէ Թրիեսթին` թեմական քահանայ եւ հիմնադիր երեք միաբանութիւններու` Գթութեան Եղբայրներու միաբանութիւնը, Յիսուսի ու Մարիամի սիրոյ Իգական կրօնաւորուհիներու միաբանութիւն եւ Յիսուսի Մանկութեան մայրապետներու միաբանութիւնը։ Ան ծնած էր 31 օգոստոս 1760 Պրիւքսէլի մէջ ու մահացած Պելճիքայի Կանտ քաղաքին մէջ 24 Յունիս 1836;

դ) Հերոսական առաքինութիւններու հրամանագիրը հայող Աստուծոյ Ծառայ Անճելօ Պուկեթթիի, Սրբուհի Կատարինէ հաստատութեան հիմնադիրը` ծնած Իտալիոյ Իմոլա քաղաքին մէջ 27 օգոստոս 1877 եւ մահացած Պոլոնիա քաղաքին մէջ 5 ապրիլ 1935;

ե) Հերոսական առաքինութիւններու հրամանագիրը Աստուծոյ Ծառայ Ակոսթինօ Քոցցոլինոյի, թեմական քահանայ, որ ծնած է 16 Հոկտեմբեր 1928 Իտալիոյ երբեմնի Ռեզինա կոչուած քաղաքին մէջ ու մահացած Նափոլի քաղաքին մէջ 2 նոյեմբեր 1988;

զ) Եւ ի վերջոյ Աստուծոյ Ծառայ Անթոնիօ Կաուտիի հերոսական առաքինութիւններուն հայող հրամանագիրը` աշխարհահռչակ ճարտարապետ ու արուեստագէտ, աշխարհական հաւատացեալ, որ ծնած էր 25 Յունիս 1852 Սպանիայի մէջ ու մահացած 10 Յունիս 1926 Պարսելլոնա քաղաքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/04/2025, 12:02