Սրբազան Պապը բարեկարգումներ կատարեց Քահանայապետական Եկեղեցական Ակադեմիայէն ներս։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր 15 ապրիլ 2025-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Պապին ինգնագիր նամակը որով բարեփոխումներ կը ներմուծուին Քահանայապետական Եկեղեցական Ակադեմիայէն ներս, այն դարաւոր հաստատութիւնը, որ դիւանագէտներ կը պատրաստէ Սուրբ Աթոռին համար։
Մարտ 25-ին ստորագրուած, բայց այսօր հրապարակուած «Պետրոսական ծառայութիւնը» վերնագիր կրող ինքնագիր նամակով ներմուծուած բարեկարգումներուն նպատակն է ապագայ դիւանագէտ երիտասարդ քահանաներուն նուիրել համապարփակ ու պատշաճ պատրաստութիւն։
Ակադեմիան որ ձևաւորուած է որպէս բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւն, պիտի շնորհէ գիտական աստիճաններ և կ՛առաջարկէ ուսումնական ծրագիր, որ կը ներառէ իրաւական, պատմական, քաղաքական, տնտեսական և լեզուական հմտութիւններ։
Քահանայապետի ինքնագիր նամակի հրապարակումին առիթով Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղարութիւնը որուն ծիրէն ներս կը գործէ ակադեմիան, հրատարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուած է որ վերոնշեալ Եկեղեցական Ակադեմիան ստեղծուած է 1701 թուականին, ուր թէ բարեկարգումը մաս կը կազմէ Ֆրանչիսկոս Պապին ներմուծած բարեփոխումներուն, այնպէս ինչպէս նշուած է Veritatis Gaudium Առաքելական Սահմանադրութեան մէջ։
«Այս որոշումը մաս կը կազմէ աւելի ընդարձակ տեսլականի մը` բարձրագոյն կրթութեան միջազգային չափանիշներու համապատասխան եկեղեցական ուսումնասիրութիւններու թարմացման և որակաւորման ուղղութեամբ» կը կարդանք միշտ Պետական Քարտուղարութեան հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Ապագայ Քահանայապետական ներկայացուցիչներու համար նախատեսուած վերապատրաստման երթուղին տեսական հմտութիւնները կը համատեղէ աշխատանքային մեթոդի և ապրելակերպի հետ, որոնք կարող են երաշխաւորել միջազգային յարաբերութիւններու բարդ շարժականաութեան խոր պատկերացում:
Այս ուղին կը պահանջէ իրաւասութիւն և մեկնաբանական հմտութիւններ, խորաթափանցութեան ամուր կարողութիւն և պատրաստակամութիւն դիմակայելու Եկեղեցւոյ մարտահրաւէրները, զոր կոչուած է ապրիլ աւելի ու աւելի սինոդալ ձևով:
Այս համապատկերէն ներս էական են անձնական յատկութիւնները, ինչպիսիք են մօտիկութիւնը, ունկնդրութիւնը, համահունչ վկայութիւնը, երկխօսութիւնը և եղբայրական տրամադրուածութիւնը, որոնք պէտք է զուգակցուին խոնարհութեան և հեզութեան հետ, որոնք կը յատկանշեն Բարի Հովիւի օրինակով քահանայական կոչումը:
Այս տարրերը Աւետարանով ոգեշնչուած դիւանագիտական գործողութեան բաղկացուցիչ են, որոնք կարող են կամուրջներ կառուցել, յաղթահարել խոչընդոտները և նպաստել խաղաղութեան, կրօնական ազատութեան և ազգերու միջև համագործակցութեան շօշափելի ուղիներուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
