Որոնել

2025.04.09 Visita privata dei Reali Inglesi

Քարլոն եւ Քամիլլան այցելութիւն տուին Ֆրանչիսկոս Պապին

Անգլիոյ թագաւորական ընտանիքի անդամները, որոնք ապրիլի 7-էն 10-ը կը գտնուին Իտալիա, առանձնական այցելութիւն տուին Ֆրանչիսկոս Պապին, որ զանոնք ընդունեց երէկ կէսօրէն ետքը Casa Santa Marta-ի իր բնակարանին մէջ, ուր Ան կը շարունակէ իր ապաքինումը Gemelli հիւանդանոցէն դուրս գալէն ետքը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան- Վատիկան

Անգլիոյ թագաւորական ընտանիքի անդամները, որոնք ապրիլի 7-էն 10-ը կը գտնուին Իտալիա, առանձնական այցելութիւն տուին Ֆրանչիսկոս Պապին, որ զանոնք ընդունեց երէկ կէսօրէն ետքը Casa Santa Marta-ի իր բնակարանին մէջ, ուր Ան կը շարունակէ իր ապաքինումը Gemelli հիւանդանոցէն դուրս գալէն ետքը

Ֆրանչիսկոս Պապը երէկ 9 Ապրիլի կէսօրէն ետքը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց Անգլիոյ թագաւորական ընտանիքի անդամները, որոնք պաշտօնական այցելութեամբ Իտալիա կը գտնուին։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։

Հանդիպման ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը իր շնորհաւորութիւնները փոխանցած է Թագաւորին ու Թագուհիին անոնց ամուսնութեան քսան ամեակին առիթով ինչպէս նաեւ Թագաւորին մաղթեց առողջութեան շուտափոյթ ապաքինում։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/04/2025, 08:00