Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը հանդիպեցաւ ԱՄՆ-ի փոխնախագահին հետ
Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք
«Այսօր առաւօտեան, ժամը 11:30-ի ժամանակները Ֆրանչիսկոս Պապը Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ հակիրճ առանձնական հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու փոխ նախագահ Տիար Ճէյս Տավիտ Վանսի հետ» լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, բացատրելով նաեւ, որ հանդիպումը տեւեց մի քանի վայրկեան եւ առիթ եղաւ փոխանակելու Սուրբ Զատկուան բարեմաղթութիւնները։
Ընտանիքին հետ Իտալիա գտնուող փոխ նախագահը երէկ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինին ու անոր ընկերացող Գերապ. Փոլ Ռիչըրտ Կալլակէրին հետ։ Հանդիպումի ընթացքին նորոգուեցաւ միասնական յանձնառումը` ի նպաստ կրօնի եւ խղճի ազատութեան իրաւունքի պաշտպանութեան եւ որոշ մտքերու փոխանակում կատարուեցաւ միջազգային բնոյթ ունեցող հարցերու մասին։
Իսկ Ուրբաթ յետմիջօրէին փոխ նախագահ Վանսը, կնոջ ու զաւակներուն հետ միասին մասնակցեցաւ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքայի մէջ կայացած Յիսուսի Չարչարանքներու արարողութեան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
