Որոնել

Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի 

Կարդինալ Քրայեւսքին Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ որպէս նուէր շտապ օգնութեան չորս մեքենաներ տարաւ Ուքրանիա

Բարեգործական ծառայութեան վերատեսուչ, կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով, 10-րդ անգամ ըլլալով կ՝այցելէ Ուքրանիա։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Բարեգործական ծառայութեան վերատեսուչ, կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքին Ֆրանչիսկոս Պապին խնդրանքով, 10-րդ անգամ ըլլալով կ՝այցելէ Ուքրանիա իր հետ տանելով Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ որպէս նուէր շտապ օգնութեան չորս մեքենաներ, օժտուած բժշկական գործիքներով պատերազմական գօտիներու մէջ մարդկային կեանք փրկելու համար։

Բարեգործական ծառայութեան վերատեսչութիւնը հրապարակելով հաղորդագրութիւն մը տեղեկացուց, որ Ուքրանիոյ մէջ սպասուելով նոր պատերազմական զատիկ, Ֆրանչիսկոս Պապ կը շարունակէ իր մօտիկութիւնը ցուցաբերել տառապող ժողովուրդին՝ շօշափելի ժեսթերով։ Նորին Սրբութիւնը Ուքրանիոյ ժողովուրդին նուիրեց շտապ օգնութեան չորս մեքենաներ, օժտուած բժշկական գործիքներով, որոնք անհրաժեշտ են մարդկային կեանքեր փրկելու համար ու որոնք պիտի օգտագործուին պատերազմական գօտիներուն մէջ։

Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի երեք վարորդներուն հետ միասին Ուքրանիա կը մեկնի իր հետ տանելով շտապ օգնութեան մեքենաները։ Ծիրանաւորը Ուքրանիա կ՝այցելէ նաեւ պատերազմէն տառապող ժողովուրդին մօտիկ գտնուելու ու Ֆրանչիսկոս Պապին գուրգուրանքը փոխանցելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/04/2025, 13:16