Սրբազան Պապը 126րդ անգամն ըլլալով այցելեց Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր յետմիջօրէին` Ծաղկազարդի տօնի եւ Աւագ Շաբթուայ նախօրէին, Ֆրանչիսկոս Պապը գնաց Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճար, ուր կանգ առաւ ու աղօթեց Սալուս Փոփուլի Ռոմանի Սուրբ Կոյս Մարիամի սրբապատկերին առջեւ։ Այս 126րդ անգամն է որ Քահանայապետը կ՛այցելէ Սանթա մարիա Մաճճորէ տաճարը: Լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Ֆրանչիսկոս Պապին և Սալուս Փոփուլի Ռոմանիի միջև կապը միշտ եղած է որդիական: Երեք շաբաթ առաջ Ճեմելլի բազմաբուժարանէն դուրս գալու պահուն եւս Նորին Սրբութիւնը ուզած էր կանգ առնել Սանթա Մարիա Մաճճորէ տաճարին դիմաց, Կարդինալ Ռոլանտաս Մարկրիկասին յանձնելով փունջ մը ծաղիկ որպէսզի զանոնք զետեղէր Տիրամօր սրբապատկերին առջեւ։ Ծաղկեփունջը Քահանայապետին նուիրուած էր ծերունի տիկնոջ մը կողմէ որ գացած էր այցելելու զայն հիւանդանոցին մէջ եւ զոր Քահանայապետը ողջունած էր նախ քան տուն վերադառնալը։
Ֆրանչիսկոս Պապին Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքան այցելելու սովորութիւնը սկիզբ առած էր անոր ընտրութեան յաջորդ օրը` 14 Մարտ 2013ին երբ ամ որոշեց անակնկալ կերպով այցելել վայրը ու Տիրամօր սրբապատկերին տակ զետեղել փունջ մը ծաղիկ, սովորութիւնը որ շարունակուեցաւ նաեւ իւրաքանչիւր առաքելական ճամբորդութենէն առաջ ու ետքը։
Սրբազան Պապին այսօրուընէ առաջ Սալուս Փոփուլի սրբապատկերին տուած վերջին այցելութիւնը տեղի ունեցաւ 14 դեկտեմբեր 2024-ին երբ Ան Քորսիքա կղզի կատարած ճամբորդութենէն ետքը այնտեղ գացած աղօթելու ու շնորհակալութիւն յայտնելու Աստուածամօր, ճամբորդութեան յաջողութեան համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
