Որոնել

Սուրբ Պետրոսի տաճարը, յոբելինական Սուրբ Տարի Սուրբ Պետրոսի տաճարը, յոբելինական Սուրբ Տարի  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Դառնանք խաղաղութեան և միասնութեան արհեստաւորներ

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը մը ուղղեց կաթողիկէ Խարիզմաթիկ վերանորոգումին համար միջազգային ծառայութեան անդամներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են Յոբելինական Սուրբ Տարին նշելու համար։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց կաթողիկէ Խարիզմաթիկ վերանորոգումին համար միջազգային ծառայութեան անդամներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են Յոբելինական Սուրբ Տարին նշելու համար։

Պատգամին մէջ նորին Սրբութիւնը ողջունեց «եկեղեցւոյ սիրտին» մէջ յոբելինական Սուրբ Տարին նշող հաւատացեալները, «Բարձրացնելով առ Աստուած, Աստուծոյ ժողովուրդին եւ ողջ աշխարհի համար բարեխօսութեան ողջ աղօթք», նշեց Սրբազան Հայրը աւելցնելով «Այսպէս կատարելով դուք մտադիր էք ոչ միայն կեդրոնանալ Եկեղեցւոյ վրայ, այլեւ միեւնոյն ժամանակ բացուիլ համընդհանուր հորիզոններուն, ստանձնելով Պապին մտադրութիւնները, մասնաւորապէս խաղաղութեան եւ համերաշխութեան համար։ Սուրբ Հոգին, Յարուցեալ Քրիստոսին պարգեւը կը ստեղծէ հաղորդութիւն, համերաշխութիւն եւ եղբայրութիւն։ Սա է եկեղեցին, նոր հաշտուած մարդկութիւն։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամին մէջ նկատել տուաւ ուխտաւորներուն, որ անոնց այս փորձառութիւնը ոչ միայն իրենց համար է այլ բոլորին համար։ «Այդ տարէք աշխարհի մէջ որպէս յոյսի եւ խաղաղութեան աղբիւր։ Սուրբ Հոգին կարող է իսկական խաղաղութիւն շնորհել մարդու սիրտին, ու սա է պայմանը յաղթահարելու համար հակամարտութիւնները ընտանիքներուն, ընկերութեան եւ ազգերու միջեւ յարաբերութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց հաւատացեալները դառնալու խաղաղութեան, միութեան վկաներ եւ արհեստաւորներ։ «Ունեցէք համագործակցութեան ճաշակ մասնաւորապէս ժողովրդապետական հասարակութիւններուն հետ եւ Տէրը ձեզ պիտի օրհնէ առատ պտուղներով»։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով հաւատացեալներուն մօտիկութեան համար, ապա ապահուելով իր աղօթքը խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2025, 11:49