Որոնել

Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին «Սանթա Մարթա» նստավայրը Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին «Սանթա Մարթա» նստավայրը 

Ֆրանչիսկոս Պապ կը շարունակէ դարմանումները Սանթա Մարթա տան մէջ. ձայնը եւ շարժելու կարողութիւնը կը բարելաւուին

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկութիւններ տուաւ Վատիկանի իր նստավայրին մէջ ապաքինուող Քահանայապետին առողջական վիճակի մասին։ Ֆրանչիսկոս Պապը լաւ տրամադրութիւն ունի, ամէն օր կ՝աշխատի եւ կը պատարագէ մատրան մէջ։ Վերջին մի քանի օրերուն արեան քննութիւնները եւ շողանկարը ցոյց կու տան թոքային վարակի պատկերի բարելաւում։ Ֆրանչիսկոս Պապ մեծ գուրգուրանք կը ստանայ ժողովուրդին կողմէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 1 ապրիլին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի փոխանցած տեղեկութիւններուն համաձայն, Ֆրանչիսկոս Պապին վիճակը բարելաւման ընթացքի մէջ է։ Արեան քննութեան ցուցանիշները կանոնաւոր են։ Վերջին օրերուն առնուած կրծքավանդակի պատկերը ցոյց կու տան թոքային վարակիչ պատկերի բարելաւում։ Բոլոր դարմանումները կը շարունակուին. բարելաւումներ գրանցուած են մարմնական շարժումի, շնչառութեան եւ ձայնի օգտագործումին առումով։ Բարձր հոսքով թթուածնածումը քիթի ջրանցքներով կեդրոնացած է հիմնականին գիշերային ժամերուն եւ անհրաժեշտութեան պարագային։ Կը շարունակուին աշխատանքային գործունէութիւնները։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հաղորդեց, որ Ֆրանչիսկոս Պապ կը նստի գրասեղանին մօտ եւ ամէն օր կը համապատարագէ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ։ Յատուկ այցելութիւններ չեն կատարուրի։ Ներկայ են միայն բուժաշխատողները եւ սերտ համագործակիցները։

Ինչ կը վերաբերի չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութեան եւ յոբելինական տարուան արարարողութիւններուն, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ  վաղը պիտի բաշխուի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան բնագիրը՝ ինչպէս նախորդ չորեքշաբթի օրերը։ Իսկ կիրակնօրեայ հրեշտակ Տեառն աղօթքի մասին պիտի խօսուի, ուրբաթ 4 ապրիլին, ճեպազրոյցի ընթացքին։ Ինչ կը վերաբերի Սուրբ Շաբթուան արարողութիւններուն, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը տեղեկացուց, որ անոնց մասին խօսիլը տակաւին շատ կանուխ է։

Նշենք, թէ յստակ է այն իրողութիւնը, որ Ֆրանչիսկոս Պապը ներկայ պիտի չ՝ըլլայ այս շաբաթավերջին հիւանդներու յոբելինական արարողութիւններուն։ Այդ օրը պիտի մատուցուի Սուրբ Պատարագ, զոր պիտի նախագահէ Աւետարանումի վերատեսչութեան համա վերատեսուչ, գերապայածառ Ռինօ Ֆիզիքելլան ու պիտի կարդայ Քահանայապետին կողմէ պատրաստուած քարոզը։

Յայտնենք թէ շատերուն յոյսն է, որ Ֆրանչիսկոս Պապ նուազագոյնը մէկ անգամ, կիրակի օրը Մարեմեան աղօթքի ընթացքին բարեւէ առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն։ Անիկա յոյս է, որ կարելի չէ նախատեսել, ոչ ալ տեղեկութիւններ տալ անոր մասին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/04/2025, 13:38