Որոնել

00365_17012016.jpg

Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Րաբունապետ Տի Սէնյիյի միջեւ բարեմաղթանքներու փոխանակում

Սրբազան Քահանայապետը եւ Հռոմի Հրեայ համայնքի Րաբունապետ` Ռիքարտօ Տի Սենյի փոխանակած են սուրբ զատկուան բարեմաղթանքներու պատգամներ
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը  սրտանց և եղբայրական մաղթանքներ յղած է Հռոմի գլխաւոր ռաբբունապետ Ռիքարտօ Տի Սենյիյին, ինչպէս կը տեղեկացնէ Մայրաքաղաքի հրէական համայնքը։ Իր կարգին Տի Սենյին բարի մաղթանքներ փոխանցած է Քահանայապետին, յատուկ կերպով մաղթելով քաջառողջութիւն ու ապաքինում։

Ռաբբունապետին ուղղած իր պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շնորհաւորած է Փեսախի տօնը, որ կը յիշատակէ` Ամենակալին կողմէ Հրեայ Ժողովուրդին ազատագրումը ստրկութենէն։

«Աստուած յաւիտենական ու ողորմած այսօր եւս ըլլայ ձեզի հետ ու ձեր հասարակութեան ընկերանայ իր օրհնութիւններու առատութեամբ ու իր անհուն բարութեամբ ձեզի պաշտպան կանգնի» գրած է իր պատգամին մէջ Սրբազան Պապը խնդրելով որ շարունակեն աղօթել իրեն համար ինչպէս «ես ձեզի կը վստահեցնեմ աղօթքներս» հաստատած է Ան Ամենակալ Աստուծմէ հայցելով որ «միշտ աւելիով աճին բարեկամութեան մէջ»։

Ասոր ի պատասխան Ռաբբունապետ Տի Սէնյին շնորհակալութիւն յայտնելով Ֆրանչիսկոս Պապին անոր մաղթած է շուտափոյթ ապաքինում։

«Սուրբ Զատկուայ տօներու նախօրէին, կը փափաքիմ ձեզի փոխանցել իմ սրտաբուխ մաղթանքներս յատուկ մտածում մը յղելով ձեր առողջութեան որպէսզի ան բարելաւուի միշտ աւելիով։ Թող Տէրը օրհնէ մեր հասարակութիւնները ու ամրապնդէ մեր բարեկամութիւնը, նաեւ մեր ապրած այս դժուար պահուն» գրած Հրեայ Հասարակութեան Հոգեւոր Պետը։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/04/2025, 10:04