Որոնել

20th anniversary of the assassination of former Lebanese Prime Minister Rafik al-Hariri

Սրբազան Պապը յիշեց Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի յիսուն ամեակը, տառապողներն ու խաղաղութեան կարիք ունեցողները

Այսօր եւս տարածուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան աղօթքի գրաւոր խորհրդածութիւնը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 13 ապրիլին եւս հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ պատրաստուած Մարեմեան աղօթքին խորհրդածութիւնն ու կոչերը պարունակող գրութիւնը, որ տարածուեցաւ կէսօրուայ ժամուն, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ կայացած Ծաղկազարդի տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագէն ետքը։

Անոր մէջ Նորին Սրբութիւնը կը մատնանշէ օրուան տօնի Աւետարանին` որ կը խօսի Յիսուսի չարչարանքներու մասին, ըստ Ղուկաս Աւետարանիչին։

Չյանձնուիլ յուսալքումին հակառակ դժուարութիւններուն

«Մենք մի քանի անգամ լսեցինք, թէ ինչպէս Յիսուս կը դիմէ Հօրը. «Հայր, ներէ անոնց, որովհետև չեն գիտեր, թէ ինչ կ՛ընեն» (23:34); «Հայր, քու ձեռքերուդ մէջ կը յանձնեմ հոգիս» (23:46): Անպաշտպան ու նուաստացած, մենք տեսանք, որ Ան կը քալէ դէպի խաչը՝ հօր վիզին կառչած մանուկի մը սրտով ու զգացումներով, մարմնով փխրուն, բայց զօրեղ վստահութեան մէջ, մինչև որ քունի անցաւ, անոր բազուկներուն մէջ իր մահուամբ», կը կարդանք տարածուած գրութեան մէջ ուր Սրբազան Պապը կը նշէ` որ «բոլորս ալ ցաւեր ունինք, ֆիզիկական ու բարոյական, ու հաւատքը մեզի կ՛օգնէ չյանձնուելու յուսալքումին, չփակուելու դառնութեան մէջ այլ դիմագրաւելու զանոնք, մենք մեզ զգալով պարուրուած Յիսուսին նման` Հօր բարեխիղճ և ողորմած գրկին մէջ»:

Սրբազան Պապը առ այդ շնորհակալութիւն յայտնեց աղօթքներուն համար, որոնք իր «այս ֆիզիկական տկարութեան ժամանակ կ՛օգնեն աւելիով զգալու Աստուծոյ մօտիկութիւնը, կարեկցութիւնն ու քնքշութիւնը»։

Տիրոջ յանձնենք բոլոր տառապողները

«Ես ալ կ՛աղօթեմ ձեզի համար եւ կը խնդրեմ, որ իմ հետս միասին Տիրոջ յանձնէք բոլոր տառապողները, մասնաւորապէս ան` որ թիրախ է պատերազմի, աղքատութեան ու բնական աղէտներուն» կը կարդանք միշտ վերոնշեալ գրութեան մէջ ուր Սրբազան Պապը կը հայցէ որ «Աստուած յատկապէս իր խաղաղութեան մէջ ընկալէ Սանթօ Տոմինկոյի ակումբի փլուզման զոհերը ու մխիթարէ անոնց ընտանիքները»։

Խաղաղութեան երկխօսութեան եւ հաշտութեան կոչ

«15 ապրիլին կը յիշատակուի Սուտանի մէջ պատերազմի սկիզբի երկրորդ տխուր տարեդարձը, հազարաւոր մահերով ու միլիոնաւոր ընտանիքներով, որոնք ստիպուած եղան լքել իրենց տուները։ Մանուկներու, կիներու եւ դիւրաբեկ անձերու տառապանքը, դէպի երկինք կ՛աղաղակէ ու մեզի կը պաղատի, որ միջամտենք։ Կոչս կը նորոգեմ ներգրաւուած կողմերուն, որպէսզի վերջ դնեն բռնութիւններուն ու սկիզբ տան երկխօսութեան ուղիներուն, ապա կոչ Միջազգային Հասարակութեան, որպէսզի չպակսին հիմնական օգնութիւնները բնակչութեան» հաստատած է Ֆրանչիսկոս Պապը։

Յիշենք ԼԻբանանը

Ան ապա հրաւիրած էր «յիշել Լիբանանը, ուր յիսուն տարիներ առաջ սկիզբ առաւ քաղաքացիական ողբերգական պատերազմը».

«Թող ան Աստուծոյ օգնութեամբ կարողանայ ապրիլ խաղաղութեամբ եւ բարօրութեամբ» գրած է հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու կոչ ուղղած է որ վերջապէս խաղաղութիւնը հասնի մարտիրոս Ուքրանիոյ, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Քոնկոյի Ժողովրդավարական հանրապետութեան, Միանմարի, եւ Հարաւային Սուտանի մէջ։

«Ցաւագին Մայրը` Մարիամ մեզի համար ընդունի այս շնորհքը ու մեզի օգնէ հաւատքով ապրելու Սուրբ Շաբաթը», եղան Սրբազան Պապին հրատարակած Մարեմեան Աղօթքի գրաւոր բնագիրին եզրափակիչ խօսքերը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/04/2025, 12:00