Ֆրանչիսկոս Պապը կը շարունակէ ապաքինման ընթացքը
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապի բարելաւումները` շարժիչային, շնչառական և ձայնային համակարգերով կը շարունակուին։ Այս է այն ինչ որ յայտարարուեցաւ այսօր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ, որուն ընթացքին թարմացումներ ներկայացուեցան Ֆրանչիսկոս Պապին առողջութեան ու ապաքինման մասին ու նաեւ որոշ տեղեկութիւններ Սուրբ Շաբթուայ արարողութիւններուն վերաբերեալ։
Ինչ կը վերաբերի թթուածինին, Սրբազան Պապը կարող է երկար ժամանակ անոր օգտագործման պահանջը չունենալ իսկ թթուածինի բարձր հոսքերը կը գործածէ միայն երեկոյեան ժամերուն և անհրաժեշտութեան պարագային։ Տարբեր բուժումները կը շարունակուին ու Ան կը շարունակէ նաեւ Քուրիայի Վերին Իշխանութեան որոշ պատասխանատուներու հետ հակիրճ հանդիպումներ ունենալ, նշուեցաւ միշտ ճեպազրոյցի ընթացքին։
Աւագ Շաբթուայ արարողութիւնները
Այս տարուայ Ճանապարհ Խաչի արարողութեան մտածականները շարադրուած են նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ու պիտի հրատարակուին Աւագ Ուրբաթ օր` ժամը 12-ին։
Իսկ ինչ կը հայի Սուրբ Շաբթուան արարողութիւններուն Ֆրանչիսկոս Պապը չկարենալով անձամբ գլխաւորել զանոնք նշանակած է որոշ կարդինալներ այդ մէկը իր տեղ եւ իր անունով կատարելու։
Խաչի Ճանապարհի արարողութիւնը Քոլլոսէումի մօտ` պիտի գլխաւորէ Հռոմի Թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնա։
Աւագ Հինգշաբթի օր` առաւօտեան պատարագը պիտի գլխաւորէ Կարդինալ Տոմենիքօ Քալաքանիոն, Առաքելական Աթոռի ժառանգութեան մատակարարման գրասենեակի երբեմնի նախագահը։
Իսկ երեկոյեան նախատեսուած «Վերջին Ընթրիքի» արարողութիւնը պիտի կատարուի նախագահութեամբ Կարդինալ Մաուրօ Կամպեթթիի` ժամը վեցին Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի մէջ։
Աւագ Ուրբաթ օրուայ Չարչարանաց արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին` Արեւլեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչը։
Տակաւին յստակ տեղեկութիւններ չկան Սրբազան Պապին արարողութիւններուն ներկայ գտնուելու մասին։ Յաջորդ ճեպազրոյցը կարող է տեղի ունենալ յառաջիկայ ուրբաթ օրը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ
